ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Պոլսոյ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան հարցագիր մը ուղղած է ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի, Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան ամբաստանեալներուն կապակցութեամբ։
Հարցագիրին մէջ Փայլան դիտել կու տայ, թէ Յունուար 2007ին սպաննուած Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը կը շարունակուի տասը տարիէ ի վեր, եւ այդ կապակցութեամբ, դիտումնաւոր կերպով մարդ սպաննելու մեղադրանքով՝ բազմաթիւ պաշտօնատարներ դատարան յանձնուած են։ Դատավարութեան իբրեւ հետեւանք, կան անձեր, որոնք իրենց պաշտօնէն հեռացուած են, սակայն կան նաեւ ուրիշներ, որոնք ոչ միայն տակաւին կը շարունակեն պաշտօնի վրայ մնալ, այլ նոյնիսկ պաշտօնի բարձրացումի արժանացած են։
Փայլան կու տայ օրինակը ամբաստանեալներէն՝ Էնկին Տինչի, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան շրջանին Տրապիզոնի լրաքաղութեան տնօրէնն էր, իսկ Տինքի սպանութենէն ետք, պաշտօնի բարձրացում ստանալով՝ լրաքաղութեան գրասենեակի նախագահութեան պաշտօնին կոչուեցաւ։ Տինչ ներկայիս կը շարունակէ պաշտօնի վրայ մնալ որպէս Էսքիշեհիրի ապահովութեան տնօրէն։
Փայլան կը նշէ նաեւ միւս բոլոր ամբաստանեալներուն անունները եւ հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ դատարան յանձնուած այս անձերը կը շարունակեն մնալ պաշտօնի վրայ, ապա կ՛աւելցնէ. «Պետութիւնը, այս ամբաստանեալները իրենց պաշտօնին վրայ պահելով՝ «Մենք ձեզի հետ ենք» ըսած չ՛ըլլա՞ր անոնց արդեօք»։