ՀԱԼԷՊ.- Անցնող ամիսներուն, ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ՍԵՎԱՄ մարզական յանձնախումբը կազմակերպեց 2016-2017 տարեշրջանի միջվարժարանային փինկ-փոնկի, ճատրակի, պասքեթի, խմբային եւ անհատական ձիրքերու, shooting-ի եւ ֆութպոլի մարզական մրցաշարքեր, որոնց փակման հանդիսութիւնն ու մետալներու եւ բաժակներու տուչութիւնը տեղի ունեցան Շաբաթ, 13 Մայիսի յետմիջօրէին, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ:
Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով՝ կատարողութեամբ ՀՄԸՄի փողերախումբին:
Օրուան հանդիսավարներն էին Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան եւ Բալիկ Աւագեան, որոնք բացման խօսքով մատնանշեցին ՍԵՎԱՄ (Սուրիահայ Երկսեռ Վարժարաններու Աշակերտական Մարզախաղեր) մարզական յանձնախումբին առաքելութիւնը՝ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան մօտ մարզաձեւերը զարգացնել եւ մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ մը ստեղծել, օժանդակել վարժարաններուն զարգացնելու զանազան մարզաձեւերն ու մարզական սարքաւորումները, ինչպէս նաեւ հրապարակային մարզական հանդէսներ կազմակերպել:
Այնուհետեւ անոնք ներկայացուցին հալէպահայ վարժարանները, հրաւիրելով իւրաքանչիւր վարժարանի տնօրէնը փոխանցելու իր սրտի խօսքը, որուն ընթացքին վարժարանի մասնակից աշակերտները տողանցելով բեմ բարձրացան:
Բոլոր վարժարաններու տնօրէնները իրենց խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեցին ՍԵՎԱՄի տարած աշխատանքը եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին աշակերտութեան մօտ ստեղծուած մարզական ոգեւորութեան համար: Անոնք Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի կառոյցին մէջ գտնուելու յուզումնախառն զգացումի ուրախութիւնը ապրեցան, նշելով, թէ պատերազմի դաժան օրերը ապրած այս հաստատութեան վերստին կեանքի կոչուիլը՝ նոր կեանք ու աւիւն պարգեւեց հալէպահայութեան:
ՍԵՎԱՄ մարզական յանձնախումբին խօսքը փոխանցեց Անի Մինասեան, յայտնելով, թէ այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց բոլոր հալէպահայ վարժարանները, իրարու մօտեցնելով հայ ազգի զաւակները եւ անոնց մէջ զարգացնելով մարզական բարձր ոգին:
Այնուհետեւ ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Գարօոլին Քիւրքլեան-Արոյեան յայտնելով, թէ ՀՄԸՄի առաքելութիւնն է «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով հայ նոր սերունդներուն մօտ գործակցութեան ոգին զարգացնելը եւ հայու նկարագիրի տէր երիտասարդներ պատրաստելը: Ան Արամ Ա. վեհափառին հռչակած «Վերականգնումի տարուան» մէջ հրաւիրեց ներկաները մեր կառոյցներու վերանորոգութեան հետ վերանորոգել նաեւ մեր միտքերն ու հոգիները:
ՍԵՎԱՄ մարզական յանձնախումբի ատենապետ Եղիա Քիլէճեան բեմ բարձրանալով հրաւիրեց ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը բաժակներով եւ մետալներով պարգեւատրելու իւրաքանչիւր մարզաձեւի մրցումին առաջին երեք դիրքերուն արժանացած խումբերն ու լաւագոյն մարզիկները:
Հանդիսութեան ընթացքին ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեանի ձեռամբ յատուկ շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցաւ Գէորգ Չոքարեան՝ ֆութպոլի մրցաշարքին իր բերած ներդրումին համար, ինչպէս նաեւ Գէորգ Քումփանաճեան՝ իր ցուցաբերած նիւթաբարոյական ներդրումին համար:
Փողերախումբի նուագակցութեամբ հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով: