ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Չորեքշաբթի, 31 Մայիսին, Գեղարքունիքի մարզ կատարած իր այցելութեան ժամանակ, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ կան 400 գիւղեր, որոնց ամավարկի (պիւտճէական) եկամուտները հնարաւորութիւն չեն տար զարգացնելու տուեալ գիւղերը:
Նախարար Լոքեան եւ Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Բոթոյեան նոյն օրը հանդիպեցան նաեւ Վարդենիսի տարածաշրջանի համայնքներու ղեկավարներուն:
Լոքեան յայտնեց, որ ՀՀ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած է սկզբունք մը, ըստ որուն՝ աստիճանաբար պէտք է իրականացնել համայնքներու զարգացումը եւ կատարել վարչատարածքային փոփոխութիւններ:
«Առանձին-առանձին համայնքները չունեն հնարաւորութիւններ եւ միջոցներ ծրագրային գաղափար դնելու, բիւջէ մեծացնելու եւ մնացած խնդիրները լուծելու համար: Մենք, Հայաստանում, ունենք մօտաւորապէս 400 համայնք, որոնց բիւջետային եկամուտները հնարաւորութիւն չեն տալիս զարգանալու: Մեր երկրում պէտք է բարեփոխումներ իրականացուի. սա պետական քաղաքականութիւն է, որի արդիւնքում մենք պէտք է գնանք վարչատարածքային փոփոխութիւնների», գիւղապետներուն փոխանցեց Դ. Լոքեան:
Նախարարը նաեւ համապարփակ տեղեկատուութիւն ներկայացուց յառաջացած համայնքներու կողմէ իրականացուած ու տակաւին իրականացուող աշխատանքներուն մասին. «Համայնքի բիւջէով իրականացուել են ճանապարհաշինական աշխատանքներ, կառուցուել են ջրագծեր, մաքրուել սելաւատարներ, անցկացուել է գիշերային լուսաւորութիւն, համայնքի համար գնուել է անհրաժեշտ տեխնիկա, գնուել է սերմացու՝ բնակիչներին անվճար տրամադրելու նպատակով, ստեղծուել են աշխատատեղեր՝ ըստ անհրաժեշտութեան, եւ կրճատուել են այն աշխատողները, որոնք համայնքում որեւէ գործառոյթ չեն իրականացնում», նշեց Դաւիթ Լոքեան: