ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը յայտարարութիւն մը տարածած է պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեանի Պոլիս ժամանելուն կապակցութեամբ:
Արդարեւ, Պոլսոյ պատրիարքարանի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Պեքճեան Յունիս 1ին, ժամը 2:45ին պիտի ժամանէ Պոլիս: Նոյն երեկոյ, Գումգափուի Աթոռանիստ Մայր տաճարին մէջ, ժամը 5ին տեղի պիտի ունենայ հրաշափառի եւ երդման արարողութիւն:
«Նորին սրբազանութիւնը ցանկութիւն յայտնած է, որ մեր հաւատացեալները համախմբուին Աթոռանիստ Մայր տաճար, այլ ոչ թէ օդակայան: Ուստի, սիրով կը հրաւիրենք համայնքային եւ թաղային մարմիններն ու մամուլի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը՝ արարողութեան մասնակցելու ու բարի գալուստ մաղթելու նորին սրբազանութեան», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Պեքճեանը անցեալ Մարտ 15ին, Պոլսոյ պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդին կողմէ ընտրուած էր պատրիարքական տեղապահ: Անոր ընտրութենէն ետք, սակայն, Արամ արք. Աթէշեան մերժած էր հրաժարիլ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն, ինչին իբրեւ հետեւանք՝ պատրիարքարանին մէջ թէժ լարուածութիւն ծագած էր: Աթէշեան միայն Մայիս 24ին յայտարարեց հրաժարական տալուն մասին՝ պաշտօնապէս Պոլիս հրաւիրելով Պեքճեանը: Վերջինս, աւելի կանուխ մեկնած էր Գերմանիա եւ յայտարարած, որ եթէ պատրիարքական ընտրութեան հետ կապուած որեւէ յստակ զարգացում տեղի չունենայ, ինք պիտի չվերադառնայ Պոլիս: