ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ինչպէս հայերը, այդպէս ալ օտարները վշտացած եւ վրդոված էին՝ դիտելով յարձակման տեսանիւթերը տասնմէկ ցուցարարներու վրայ, որոնք վիրաւորուած էին Մայիս 16ին, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ, նախագահ Էրտողանի ապահովութեան պաշտօնեաներու հարուածներէն, ծեծ ու ջարդէն եւ շնչահեղձութեան մատնուելէ ետք: Ցաւօք, հազարաւոր թուրքեր անամօթաբար մեկնաբանութիւններ տեղադրած էին թուիթըրի վրայ՝ արտայայտելով իրենց հրճուանքը թուրք յելուզակներու կողմէ հայեր, ասորիներ, քիւրտեր, յոյներ եւ եզիտիներ արիւնլուայ եղած ըլլալնուն համար…
Այս դաժան ծեծկռտուքը աւելի մեծ վնաս հասցուց Թուրքիոյ վարկանիշին՝ Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, քան միւս գազանութիւնները, որոնք վերջերս իրականացուած էին Թուրքիոյ ներսը՝ թուրք զինուորներու, ոստիկաններու եւ ապահովութեան պաշտօնեաներու կողմէ: Թուրք ժխտողականները անընդհատ կը բողոքեն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով հայկական «քարոզչութիւն»ը կ՛արատաւորէ թուրքերու համբաւը ամբողջ աշխարհի մէջ, անտեսելով այն փաստը, որ նոյնինքն թուրքերը խաթարած են իրենց սեփական կերպարը՝ իրականացնելով զանգուածային սարսափելի յանցագործութիւններ։
Իրականութեան մէջ, թուրք յելուզակները խաղաղ ցուցարարներու վրայ Մայիս 16ի նողկալի յարձակումով շատ աւելին ըրին՝ ամրացնելու «սոսկալի թուրք»ի կերպարը, քան ըրած էին հայերը կամ ուրիշներ: Թրքական կառավարութիւնը ամէն տարի միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ հանրային կապերու հարցերով զբաղող ընկերութիւններու վճարելու համար, որպէսզի անոնք Թուրքիան ներկայացնեն աշխարհին՝ կարելի ողածին չափ լաւագոյն լոյսի տակ: Սակայն, վերջին միջադէպը, զոր դատապարտեցին Քոնկրեսի բազմաթիւ անդամներ եւ լայնօրէն լուսաբանուեցաւ ամբողջ աշխարհի լրատուամիջոցներու կողմէ, այն աստիճան սեւցուց Թուրքիոյ համբաւը եւ անոր մենատէր նախագահ Էրտողանը, որ քարոզչութեան համար նոյնիսկ 100 միլիոն տոլար ծախսելով կարելի չէ ետ շրջել անոնց վարկանիշին հասցուած վնասը։
Ահաւասիկ՝ Քոնկրեսի անդամներու խիստ մեկնաբանութիւններէն քանի մը հատը.
Ծերակոյտի Զինուած ուժերու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Ճան ՄըքՔէյն (հանրապետական, Արիզոնա), ըսած է ABC Nightly News-ին եւ MSNBC-ին. «Պէտք է դուրս դնենք (Թուրքիոյ) դեսպանը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն…»։
Ասկէ բացի, ծերակուտական ՄըքՔէյն եւ Ծերակոյտի Հետախուզութեան յանձնաժողովի դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ ծերակուտական Տայան Ֆայնշտայն (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), միասնաբար նամակ մը յղած են Էրտողանին՝ պահանջելով ներողութիւն խնդրել։
Չորս հանրապետական ծերակուտականներ՝ Մարքօ Ռուպիօ (Ֆլորիտա), Թամ Քեթըն (Արիզոնա), Մայք Լի (Եութա) եւ Թետ Քրուզ (Թեքսաս) հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ՝ թրքական կառավարութենէն պահանջելով ներողութիւն խնդրել անյապաղ։
Դատապարտող յայտարարութիւններով հանդէս եկած են նաեւ Ծերակոյտի դեմոկրատներու ղեկավար Չաք Շումըր (դեմոկրատ, Նիւ Եորք), ծերակուտական Շելտըն Ուայթհաուս (դեմոկրատ, Ռոտ Այլընտ), ծերակուտական Ճեք Ռիտ (դեմոկրատ, Ռոտ Այլընտ), ծերակուտական Պեն Քարտին (դեմոկրատ, Մերիլենտ), ծերակուտական Փեթրիք Լիհի (դեմոկրատ, Վըրմանթ) եւ ծերակուտական Պեն Սաս (հանրապետական, Նեպրասքա)։
Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս նամակ յղած է արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընին եւ գլխաւոր դատախազ Ճեֆ Սեշընզին, յայտարարելով՝ «Օտար կառավարութիւններու գործակալները պէտք չէ անձեռնմխելի ըլլան յանցաւոր գործունէութեան համար քրէօրէն հետապնդուելու հարցով»։
Ներկայացուցիչներու տան քանի մը անդամներ եւս հանդէս եկած են թրքական յարձակումը դատապարտող յայտարարութիւններով. Տեն Պրէյըր (դեմոկրատ, Վիրճինիա), Էտըմ Շիֆ (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Սթենի Հոյըր (դեմոկրատ, Մերիլենտ), Ֆրենք Փալոն (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի), Տէյվ Թրաթ (հանրապետական, Միշիկըն), Տէյվիտ Վալատաօ (հանրապետական, Քալիֆորնիա), Պրետ Շըրմըն (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Ճէյմզ ՄըքԿավըրն (դեմոկրատ, Մեսեչուսեց), Ճիմ Քոսթըն (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Զօ Լեֆկրըն (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Ռեն Տեսանթիս (հանրապետական, Ֆլորիտա), Թելսի Կեպըրտ (դեմոկրատ, Հաուայի), Թետ Տէօչ (դեմոկրատ, Ֆլորիտա) եւ Քոլոմպիա շրջանի պատուիրակ Էլէօնոր Հոլմզ Նորթըն։
ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Սըմենթա Փաուըր, իր «թուիթըր»ի էջին վրայ գրած է. «Յայտնի է, որ Էրտողանի թիկնապահները ամբողջութեամբ կը զգան իրենց անպատժելիութիւնը՝ օգտագործելով բռնաճնշումներու այն գործիքները, զորս կը կիրառեն իրենց երկրին մէջ եւ գիտեն, որ անիկա կանգնած է իրենց թիկունքին, անկախ անկէ, թէ ինչ ըրած են իրենք»։
Այսուհանդերձ, ե՛ւ Ուաշինկթընի քաղաքապետը, ե՛ւ ոստիկանութեան պետը դատապարտած են երկրի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած կատաղի յարձակումը՝ Սպիտակ Տան նախագահ Թրամփի հետ Էրտողանի ունեցած հանդիպումէն անմիջապէս ետք։
Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն FOX News-ին ըսած է, որ թրքական յարձակումը «պարզապէս անընդունելի է» եւ հետաքննութեան տակ է: Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըչ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թամըս Շենոնի կողմէ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ թրքական կառավարութիւնը դատապարտելով «կարելի եղածին չափ ամէնէն խիստ արտայայտութիւններով»: Wall Street Journal-ը հաղորդած է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «ուղիներ կ՛ուսումնասիրէ արգելափակելու համար Էրտողանի թիկնազօրի անդամներուն մուտքը Միացեալ Նահանգներ»: Այս նուազագոյնն է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է ընէ…: Որքան ալ տարօրինակ է, բայց դեսպան Քըլըչ բախումները կանխել փորձող ոստիկաններուն ըսած է. «Դուք չէք կրնար մեզի ձեռք տալ», ակնարկելով դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան, որ տրուած է թրքական յատուկ անձնակազմի որոշ անդամներու: Անհաւատալի է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչած է Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւ բողոք ներկայացուցած՝ Ուաշինկթընի մէջ ոստիկանութեան պահուածքին համար…
Ըստ «Ուաշինկթըն Փոս»չի՝ այս յարձակման ամէնէն լուրջ կողմը «Ամերիկայի Ձայն»ի (թրքական լրատուական ծառայութիւն) կողմէ Էրտողանը տեսանկարահանելու փաստն է, երբ ան ցուցարարներու վրայ յարձակելու հրահանգ տուած է իր ապահովութեան յատուկ անձնակազմին»: Ցաւօք, ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ Էրտողանի թիկնապահները կը ներքաշուին ծեծկռտուքի մէջ՝ ծեծելով կամ սպառնալով մարդոց, անոր արտասահմանեան ուղեւորութիւններու ընթացքին։
2009ին, այդ օրերու վարչապետ Էրտողանի ապահովութեան պաշտօնեաները ծեծկռտուքի մէջ մտան էին նախագահ Օպամայի գաղտնի ծառայութեան գործակալներու հետ։
2011ին, Էրտողանի թիկնապահները կոտրած էին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ապահովութեան պաշտօնեային կողերը, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի կեդրոնական գրասենեակին վրայ յարձակման ընթացքին։
2014ին, թրքական ապահովութեան ծառայողները Նիւ Եորքի մէջ սպառնացած էին լրագրողներուն եւ հրմշտած էին անոնք, որոնք կ՛աշխատէին Էրտողանի հանդէպ ոչ բարեկամական թերթի մը մէջ։
2015ին, Պրիւքսէլ կատարած այցելութեան ընթացքին, Էրտողանի թիկնապահները յարձակած էին պելճիքական կառավարութեան թիկնապահին վրայ։
2016ի Փետրուարին, Էրտողանի թիկնապահները յարձակած էին երեք կնոջ վրայ, որոնք կը բողոքէին Բարձրագոյն ուսումնասիրութիւններու ազգային հիմնարկին մէջ անոր ունեցած ելոյթին դէմ, Քիթոյի մէջ, Էքուատոր: Թուրքիոյ աապահովութեան պաշտօնեաները նաեւ ջարդած էին քիթը Էքուատորի խորհրդարանի երեսփոխանին, որ փորձած էր միջամտել: Էրտողան ամբարտաւանօրէն արդարացուցած էր յարձակումը՝ ըսելով. «Միշտ պէտք է համապատասխան արձագանգներ ըլլան անքաղաքավար մարդիկը կարգի հրաւիրելու համար»: Էքուատորի խորհրդարանի փոխխօսնակ Ռոզանա Ալվարատօ արձագանգած էր. «Մենք չենք փափաքիր Էրտողանը կրկին տեսնել մեր երկրին մէջ…»։
2016ի Մարտին, երբ թուրք ղեկավարը հրաւիրուած էր ելոյթ ունենալու Ուաշինկթընի «Պրուքինկզ» հաստատութեան մէջ, դուրսը՝ անոր թիկնապահները յարձակած էին լրագրողներու եւ ցուցարարներու վրայ։
National Review Online-ի սիւնակագիր Թամ Ռոկըն, վերոնշեալ յարձակումներէն քանի մը հատը թուարկելէ ետք՝ եզրակացուցած է. «Քանի որ Էրտողան կեդրոնացուցած է իշխանութիւնը եւ կը յարձակի իր ընդդիմադիրներուն վրայ, TPPD-ն (Թուրքիոյ նախագահական պաշտպանութեան վարչութիւն) իրաւապահ մարմինէն կերպարանափոխուած է կատարեալ յելուզակութեան»։
Մոռացութեան մատնելու համար ամերիկեան հարիւրաւոր թերթերու, հեռատեսիլի ընկերութիւններու եւ կայքերու բացասական տեղեկատուութեան հեղեղը, ներառեալ «Ուաշինկթըն Փոս»չի մէջ հրապարակուած ջախջախիչ խմբագրականի քննադատութիւնները, Թուրքիա շատ երկար ժամանակի պէտք ունի: Էնտըրս Քոր, գրելով Forbes ամսագիրին մէջ՝ կ՛առաջարկէ, որ «յաջորդ անգամ, երբ Թուրքիան քաղաք գայ, պէտք է զօրաշարժի ենթարկել յատուկ նշանակութեան ոստիկանութեան ուժերը՝ Էրտողանի յելուզակ թիկնապահները վերահսկելու համար, երբ անոնք չափը անցընեն»: «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէկ խմբագրականը դիպուկ կերպով նկարագրած է Մայիս 16ի յարձակումը. «Պարոն Էրտողանի այցելութեան մնայուն պատկերը պիտի չըլլայ Սպիտակ Տան արարողութիւնը, այլ՝ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին դիմաց անոր թիկնապահներուն եւ միւս աջակիցներուն կողմէ ցուցարարներու ծեծ ու ջարդը»։
Էրտողանի թիկնապահները ամբողջ աշխարհին ցոյց տուին իրենց բնորոշ յանցագործ վարքագիծը: Անոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենք զիրենք պահեցին այնպէս, ինչպէս սովորաբար կը պահեն Թուրքիոյ մէջ…
Երկու թուրք լրագրողներ, որոնք կը գրեն անկախ Al-Monitor կայքին մէջ, շատ ճիշդ բնութագրած են Էրտողանի թիկնապահներու վերջին տհաճ միջադէպը. «Ուաշինկթըն կատարած այցելութիւնը աւարտեցաւ Թուրքիոյ կերպարը ծաղրող տեսարաններով», գրած է Ֆեհիմ Թաշթեքի: Փինար Թրըմփլէյն աւելցուցած է. «Էրտողանի ապահովութեան պաշտօնեաները ամբողջ աշխարհի տարածքին վատ համբաւ ձեռք բերած են՝ ցուցարարներու վրայ իրենց յարձակումներուն պատճառով, այդպիսով ներկայացնելով Թուրքիոյ դաժան դէմքը, բան մը, որ ոչ մէկ հակաթրքական լոպի կրնար իրագործել մէկ օրուան մէջ»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ