ՄԱՐԱԼ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
Արժանապատիւ տէր հայր, յարգելի սգակիրներ, սիրելի ընկեր-ընկերուհիներ,
ՀՕՄի Նիւ Ճըրզիի Հաութսըն գաւառի «Շաքէ» մասնաճիւղը կորսնցուց իր հաւատաւոր անդամուհիներէն մին՝ Վերժին Դեգրարեանը: Ան արտասովոր սիրով փարած էր մեր ժողովուրդին ու մանաւանդ՝ ՀՕՄին: Պատանի տարիքէն, ան մաս կազմեց Հայ Օգնութեան Միութեան եւ տարիներ շարունակ անձնուիրութեամբ ծառայեց հայ ազգին: Եղաւ տիպար եւ գիտակից ՀՕՄուհի՝ բերելով իր բարոյական եւ նիւթական ներդրումը, ինչպէս նաեւ ստանձնելով վարչական եւ յանձնախմբային պաշտօններ: Մասնակցեցաւ ՀՕՄի Գերագոյն պատգամաւորական ժողովներու՝ ներկայացնելով մասնաճիւղս:
Ան պարգեւատրուած է ՀՕՄի 50ամեակի ոսկեայ զարդասեղով եւ արժանացած է Շրջանային վարչութեան գնահատագիրին: Մասնաճիւղիս 100ամեակի ոգեկոչման տօնակատարութեան ընթացքին, Վերժին Դեգրարեան իր օժանդակութիւնը բերաւ՝ սատարելով Յոբելենական գրքոյկի պատրաստութեան:
Վերջին տարիներուն, անհանգստութեան պատճառով, ան չէր կրնար ներկայ գտնուիլ միջոցառումներուն, սակայն մեր գործունէութեան տեղեկութիւնները կը ստանար մասնաճիւղիս ընկերուհիներէն, որոնք յաճախ այցելութիւններ կու տային ընկերուհի Վերժինին: Վերջին անգամ, վարչութինս Նիւ Ճըրզիի Հայկական Ծերանոց այցելած էր, ապա տեսակցած ընկերուհի Վերժինին հետ:
Վստահ ենք, որ իր յիշատակը ամերիկահայ երիտասարդ սերունդին համար ներշնչող ու պերճախօս օրինակ մըն է, որ պիտի չմոռցուի:
Սիրելի՛ ընկերուհի Վերժին, Հայ Օգնութեան Միութեան ընկերուհիները, Սուրիայէն մինչեւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, քեզի կը ղրկեն սիրոյ եւ յարգանքի անթառամ ծաղիկներ: Թող գերեզմանդ մի՛շտ կանաչ մնայ՝ մշտադալար արմաւենիի նման, իսկ հոգիդ հանգչի լոյսի եւ երանութեան մէջ: