ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան, «Եուրոփա» մրցաշարքին բաժակը նուաճելէ ետք, Եւրոպայի ֆութպոլի դաշնակցութեան պաշտօնական լրատուական կայքին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ այս բաժակը մեծ նշանակութիւն ունի իրեն եւ Հայաստանի համար: «Շատ ուրախ եմ ոչ միայն յաղթանակին, այլեւ անոր համար, որ կրցայ կօլ նշանակել: Ատիկա մեծ նշանակութիւն ունի իմ եւ իմ հայրենիքիս համար», ըսած է ան։
Նոյն կայքին վրայ կատարուած քուէարկութեան մը մասնակիցներուն 42 տոկոսը մրցումի լաւագոյն մարզիկ ընտրած է Մխիթարեանը, իսկ երկրորդ դիրքը գրաւած է Փոկպան՝ ստանալով քուէներուն 34 տոկոսը:
Աւարտական ճակատումին, անգլիական կազմը 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի «Այաքս» խումբը:
Մրցումին հաշիւը 18րդ վայրկեանին բացաւ ֆրանսացի Փօլ Փոկպան, իսկ Բ. կիսախաղի երրորդ վայրկեանին, Մխիթարեան սքանչելի կօլով մը պարտութեան մատնեց «Այաքս»ի բերդապահը՝ հաշիւը կրկնապատկելով։
Մխիթարեան, այսպիսով, դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի առաջին մարզիկը, որ ոչ միայն իր մասնակցութիւնը կը բերէ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքի մը աւարտականին, այլեւ կը յաջողի աւարտական մրցումին կօլ նշանակել եւ տիրանալ տիտղոսին։
«Եունայթըտ»ը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս մրցաշարքի տիտղոսին, յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեաններու մրցաշարքին։
Յիշեցնենք, որ մրցումէն ետք, Մխիթարեան Հայաստանի եռագոյնը ուսերուն առած՝ բարձրացուց յաղթանակի բաժակը:
Ֆրանսահայ ֆութպոլի աստղ Եուրի Ճորքայէֆ այս առթիւ շնորհաւորած է Մխիթարեանը։ Նաեւ, ֆութպոլի աշխարհի ու Եւրոպայի ախոյեան Ճորքայէֆը «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ տեղադրած է պատանի Մխիթարեանին հետ իր լուսանկարը՝ գրելով. «Այդ օրը դուն ինծի ըսիր, որ օր մը պիտի նուաճես բաժակը: Դուն արժանի ես ատոր, իմ ընկե՛ր: Շնորհաւորանքներս»:
«Շա՛տ շնորհակալ եմ: Կարծես դեռ երէկ լուսանկարուած ըլլանք, եւ հիմա ես հասայ իմ նպատակիս՝ քեզի՛ պէս», իր կարգին պատասխանած է Մխիթարեան:
Յիշեցնենք, որ Ճորքայէֆ նոյն բաժակը նուաճած է Միլանի «Ինթեր» ակումբին հետ: