ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին տրուող International Military Education and Training (IMET) ծրագիրի ծիրին մէջ, Հայաստանի զինուած ուժերու 7 սպաներ աւարտած են ուսումը Միացեալ Նահանգներու ռազմակրթական հաստատութիւններէն մէկուն մէջ:
Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան այս առթիւ այցելած է սոյն հաստատութիւնը եւ հանդիպած շրջանաւարտ սպաներուն ու հաստատութեան պատասխանատուներուն հետ: