Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ժիրայր Ռէյիսեան կը յայտնէ, թէ Հալէպի մէջ ընդհանուր վիճակը լաւ է եւ քաղաքի վերականգնման աշխատանքները բնականոն հունով կ՛ընթանան: Հալէպի ազատագրումէն ետք մանաւանդ իրավիճակը աւելի լաւ է. նախկին անապահովութեան վիճակը չկայ:
«Հալէպի մէջ կրակոցներ չկան, երբեմն փոքր դէպքեր, անակնկալ ընդհարումներ կ՛ըլլան, սակայն նախկին օրերու անապահով վիճակը չկայ: Քաղաքը հանգիստ է», ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ կը յայտնէ Ժիրայր Ռէյիսեան:
Վերջինս կը տեղեկացնէ նաեւ, թէ ջուրի խնդիր չկայ, բնական ջրամատակարարում կը կատարուի: Քաղաքի ելեկտրականութիւնը բաւական երկար ժամանակ անջատուած էր։ Ժողովուրդը այս տարիներուն ընթացքին հոսանք կը գնէր լոյս ունենալու, անմիջական կարիքները հոգալու համար: Արդէն իշխանութիւններու ջանքերով օրական քանի մը ժամով հոսանք կը տրուի, սակայն ատիկա բաւարար չէ, մադիկ դեռ կը շարունակեն ելեկտրականութիւն գնել: Հալէպի մէջ ճանապարհները հիմնականօրէն բաց են, յատկապէս քաղաքին մէջ: Քաղաքէն դուրս եւս ճամբաները բաց են. իսկ խօսելով անվտանգութեան մասին, ան ըսաւ, որ երբեմն դէպքեր կը պատահին եւ անոնց պատճառով քանի մը ժամով երթեւեկութիւնը կը դադրի։
Քաղաքին մէջ սննդամթերքի պակաս չկայ, սակայն այս բոլորին կողքին կան տնտեսական դժուարութիւններ, եկամուտը սահմանափակ է, իսկ ծախսերը բազմապատկուած են: Պատերազմին ընթացքին սուրիական թղթոսկիին արժեզրկումը դարձած է ապրանքներու սղաճի հիմնական պատճառներէն մէկը:
«Դասերը արդէն կ՛աւարտին, ապա քննութիւններն են, որոնցմէ ետք կը սկսի արձակուրդի շրջանը: Ինչպէս գիտէք, կրթական հաստատութիւնները նորոգութիւններու կարիք ունին, պետութիւնը լծուած է այդ աշխատանքին: Կը կարծեմ, որ հանգրուանային կերպով իրավիճակը պիտի բարելաւուի», բացատրեց Ռէյիսեան՝ աւելցնելով. «Առեւտուրի կեդրոնները բաց են, կ՛աշխատին սովորական կարգով, իսկ անդրադառնալով արտադրութեան, պէտք է ըսել, որ անիկա շատ նախնական քայլեր կ՛առնէ»:
«Շատերը կարողութիւնը չունին բոլորովին վերականգնելու քանդուած եւ կողոպտուած գործարանները: Շատ Քիչերն են, որոնք հնարաւորութիւնը ունին արտադրութիւնը վերահաստատելու: Հետեւաբար, կրնանք ըսել, որ արտադրողական բաժինը դեռ վերականգնած չէ», ըսաւ ան:
Խօսելով Հալէպէն դուրս եկած հայերու վերադարձին մասին, Ժիրայր Ռէյիսեան նշեց, որ որոշ շարժում կայ այդ ուղղութեամբ:
«Վիճակագրական տուեալներ չունիմ, սակայն կը լսենք անուններ, որոնք կը վերադառնան: Կրնամ ըսել, որ Հալէպ վերադարձողներ կան՝ թէ՛ ընտանիքներ եւ թէ անհատներ», եզրակացուց Ժիրայր Ռէյիսեան: