ԵՐԵՒԱՆ, »Սիվիլնեթ«.- Հայաստանի երիտասարդ քաղաքացիներու հետ կատարուած հարցախոյզ մը կը պարզէ, որ հարցախոյզին պատասխանող երիտասարդներուն մէկ երրորդը կը ծրագրէ մեկնիլ Հայաստանէն, իսկ մէկ չորրորդը՝ կ՝ուզէ փոխել Հայաստանի մէջ իր բնակութեան վայրը:
Թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին գաղթի համար, երիտասարդները նշած են հետեւեալ պատճառները. աւելի բարեկեցիկ կեանքի ձգտիլը, աշխատանքի աւելի լաւ հնարաւորութիւններ ունենալը եւ աւելի լաւ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւնը:
«Ֆրիդրիխ Էբերտ» հիմնադրամի «Անկախութեան սերունդ 2016» խորագիրով կատարուած այս հետազօտութենէն կ՛իմանանք նաեւ, որ Հայաստանէն մեկնիլ ցանկացող երիտասարդներուն 48 տոկոսը կ՛ուզէ Ռուսիա գաղթել, 40 տոկոսը՝ Եւրոպա, իսկ 30 տոկոսը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: