ՄՈՆՐԹՐԷԱԼ.- «Քոնքորտիա» համալսարանի Ցեղասպանութեան ու Մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեան Մոնթրէալի հիմնարկը Միջազգային Ներում-Գանատա, Քեպեքի Հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ յանձնախումբը եւ Մարդկային իրաւանց Ռաուլ Ուալենպերկ կեդրոնը միասնաբար կը կազմակերպեն «Մոնթրէալ՝ մարդկային իրաւանց քաղաք» տօնակատարութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան 26-27 Մայիսին՝ նշելու համար մարդկային իրաւանց ջատագովման մէջ Մոնթրէալի դերը:
Իբրեւ Հիւսիսային Ամերիկայի ամէնէն հին քաղաքներէն մէկը՝ Մոնթրէալը, բազմազանութեան մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ հալածանքէ փախուստ տուող ժողովուրդներու, ներառեալ 1979ին եւ 1980ին համայնավար վարչակարգէն փախուստ տուող հազարաւոր վիէթնամցի «նաւու մարդոց» ապաստանի տրամադրման երկար պատմութիւն մը ունի: Մոնթրէալ հիւրընկալած է պատերազմի եւ բռնաճնշումի զոհեր, ինչպէս հայեր, հրեաներ ուքրանացիներ, հայիթիցիներ, ռուանտացիներ եւ վերջերս սուրիացիներ:
«Մոնթրէալ՝ իրաւունքներու քաղաք»ը տօնակատարութիւնները կը բաղկանան երեք կեդրոնական միջոցառումներէ՝ 26 Մայիսին «Քոնքորտիա» համալսարանին մէջ խորհրդաժողով, 27 Մայիսին, կէսօրէն ետք ցեղասպանութեան կանխարգիլման ամէնամեայ քայլարշաւ եւ «Միջազգային Ներում» կազմակերպութեան «Խիղճի դեսպան» մրցանակաբաշխութեան արարողութիւն, ուր համամրցանակակիրներ Ալիշիա Քիզ եւ Գանատայի Բնիկներու Իրաւունքներու շարժումը պիտի պատուըուին:
«Իրաւունքներու քաղաք» նախաձեռութիւնը մարդկային իրաւանց յարգման եւ պաշտպանման մէջ աշխարհը առաջնորդելու մեր հասարակաց համաշխարհային ձգտումին սկիզբն է», կ՛ըսէ «Քոնքորտիա» համալսարանի Ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեան ականաւոր աւագ անդամ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութեան ականատես նախկին զօրավար Ռոմիօ Տալեր:
Արդի պատմութիւնը լի է բռնարարքներով, որոնք սկսած են մարդկային իրաւանց ոտնահարումներով եւ յանգած՝ զանգուածային հալածանքներու, ազգային մաքրագործումներու եւ ցեղասպանութիւններու», կը նշէ Քեպեքի Հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, որ կ՛աւելցնէ. «Դժբախտաբար, պատմութիւնը այսօր մեր աչքերուն առջեւ շարունակ ինքզինք կը կրկնէ: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է միացնենք մեր ուժերը եւ ցեղասպանութիւններուն դէմ յղենք յստակ պատգամ մը՝ «Երբե՛ք պիտի չկրկնուի»: