ԳԱԹԱՐ, «Նիուզ».- Պաշտօնական այցով Քաթար գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Երկուշաբթի, 15 Մայիսին, հանդիպած է Քաթարի Էմիր Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ:
Հանդիպման ընթացքին նախագահը, ընդգծելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանը նշանակալի տեղ կը գրաւէ, եւ արաբական աշխարհին հետ Հայաստան ունի իւրայատուկ յարաբերութիւններ՝ նշած է, որ մեր երկիրը շահագրգռուած է Քաթարի հետ բարձրաստիճան քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումով եւ բոլոր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան խորացումով:
Գոհունակութեամբ արձանագրելով, որ տարուէ տարի կ՛աւելնայ Քաթարէն Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը, նախագահ Սարգսեան Էմիրին հետ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ մուտքի արտօնագիրի ազատականացման հնարաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ծաւալման նպատակով քաթարեան օդանաւային ընկերութեան հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու հեռանկարը:
Հայկական կողմը քննարկման համար առաջարկած է նաեւ ներդրումային ծրագիրներ՝ տարբեր ոլորտներու մէջ: Դիտարկուած է Հայաստանի տարանցիկ հնարաւորութիւններու օգտագործումը, յատկապէս՝ Հայաստանի միջոցով մուտքը դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Էմիր շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանին անդրադարձած են Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին: Էմիրը կարեւոր նկատած է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատումը՝ ընդգծելով, որ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումը խաղաղ ճանապարհին եւ երկխօսութեան միջոցին այլընտրանք չունի:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյն օրը հանդիպում ունեցած է «Քաթար Էրուէյզ» (Qatar Airways) ընկերութեան գործադիր տնօրէն Աքպար Ալ Պաքրի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է օդային կապի բնագաւառէն ներս հայ-քաթարեան համագործակցութեան ընթացքն ու զարգացման հնարաւորութիւնները:
«Քաթար Էրուէյզ»ը հայկական շուկայ մուտք գործած է 2016ի Մայիսին՝ իրականացնելով Տոհա-Երեւան-Տոհա երթուղիով կանոնաւոր օդային փոխադրումներ:
«Քաթար Էրուէյզ» ընկերութեան գործադիր տնօրէնը նախագահ Սարգսեանին զեկուցած է, որ Քաթարի Էմիրէն արդէն ստացած է յանձնարարութիւն՝ իր գլխաւորած ոլորտէն ներս Հայաստանի հետ զարգացնելու փոխգործակցութիւնը: