ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արդէն իսկ ընթացքի մէջ է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի 2017ի գարնանային վարժողական ծրագիրը, որուն կը մասնակցի նուիրեալ եւ յառաջադէմ ուսանող Շանթ Էօլմէսեքեան։
Վարժողական ծրագիրը համակարգող Լոռի Սինանեան կը յայտնէ, թէ ծրագիրի մասնակիցները առիթը կ՛ունենան մօտէն ծանօթանալու ամերիկահայութիւնը յուզող զանազան հարցերու, միաժամանակ բացայայտելով իրենց թաքուն ձիրքերն ու տաղանդները։
Շանթ Էօլմէսեքեան ներկայիս Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի ուսանող է եւ գործօն անդամ՝ անոր Ուսանողական խորհուրդին, ստանձնած ըլլալով ձեռնարկներու իրականացման պատասխանատուութիւնը։ Ան քոլեճին մէջ շարունակաբար 4.0 միջինը ապահովելուն կողքին, աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ համայնքի կեանքին, ինչպէս նաեւ դաշնամուրի դասընթացքներու կը հետեւի 13 տարիներէ ի վեր։ Շանթ նաեւ բանաստեղծութիւններ գրել կը սիրէ եւ կը ծրագրէ մօտիկ ապագային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ փոխանցուիլ՝ մասնագիտանալու համար քաղաքական գիտութեան մէջ։
2006ին հաստատուած վարժողական ծրագիրներու մասնակիցները սովորաբար ներկայ կ՛ըլլան աշխատանիստերու, դասախօսութիւններու եւ հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տանին շարք մը յանձնախումբերու համար, միաժամանակ իրականացնելով կարգ մը ծրագիրներ, որոնք զիրենք կը պատրաստեն համալսարանական կեանքէն անցնելու դէպի արհեստավարժ ասպարէզ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրներուն մասնակցիլ փափաքողներու դիմումնագիրները տրամադրելի են ancawr.org/internship կայքէջէն: