ԹԵՀՐԱՆ, «Եռագոյն».- «Փանորամա»ն կը տեղեկացնէ, թէ Թեհրանի «Արարատ» մշակութային միութեան մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի անկախութեան հռչակման 25ամեայ տարեդարձին նուիրուած «Դարաւոր Հայաստանի նորանկախ պետութիւնը» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան 1990-2016 թուականներուն ընթացքին տեղի ունեցած մշակութային, գիտական, քաղաքական, հասարակական, տնտեսական եւ այլ կարեւոր իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւնը:
Վերջիններս կը ներկայացուին մէկ կամ երկու լուսանկարով եւ բացատրութեամբ: Աւելի քան 160 լուսանկարներ կը ներկայացուին փաստագրական, արխիւային եւ գեղարուեստական ձեւով:
Ցուցահանդէսը 2016ին առաջին անգամ ներկայացուեցաւ Երեւանի, ապա Լոս Անճելեսի ու Փարիզի մէջ:
Այս տարի ցուցահանդէսը պիտի կազմակերպուի նաեւ Մոսկուայի մէջ (Հայկական եկեղեցական համալիրի «Տապան» թանգարանին մէջ), իսկ Թեհրանի ցուցահանդէսէն ետք անիկա պիտի ներկայացուի Պէյրութի մէջ, Յունիսի սկիզբը: