ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երկուշաբթի, Մայիս 15ին, կէսօրէն ետք ժամը 4:30ին, արցախ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ, հակառակորդը դիմած է հերթական սադրանքի՝ կառավարուող հրթիռէ կրակ բանալով պաշտպանութեան բանակի ռազմական փոխադրակառքի մը ուղղութեամբ, որուն պատճառով մասնակի կերպով վնասուած է անիկա:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Պաշտպանութեան բանակը մարդկային կորուստ չէ ունեցած:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ատրպէյճանական զինուժի սադրանքը անպատասխան պիտի չմնայ, իսկ հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: