Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն կը տեղեկացնեն, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրօնական եւ դաստիարակչական հրատարակութիւններու բաժանմունքը հրատարակեց նոր գիրք մը, որ կը կրէ «Դռնբացէք, Ոտնլուայ, Չարչարանաց, Խաչելութիւն, Խաւարում, Թաղում, Ճրագալոյց» խորագիրը: Գիրքը գրած է բաժանմունքի վարիչ Վաղինակ Ծ. վրդ. Մելոյեան: