«Եւրոտեսիլ 2017» երգի մրցումի առաջին կիսաեզրափակիչ համերգը տեղի ունեցաւ Մայիս 9ի երեկոյեան, որուն ընթացքին 16րդ հանդէս եկաւ Հայաստանը ներկայացնող Արծուիկը:
Ան շատ գեղեցիկ կերպով կատարեց իր Fly With Me երգը՝ արժանանալով դատակազմի եւ հանդիսատեսներու դրական գնահատականին, որուն իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանը անցաւ մրցոյթի եզրափակիչ փուլ:
Հայաստանէն բացի, առաջին կիսաեզրափակիչին ելոյթ ունեցան նաեւ Շուէտի, Վրաստանի, Աւստրալիոյ, Ալպանիոյ, Պելճիքայի, Մոնթենեկրոյի, Ֆինլանտայի, Ատրպէյճանի, Փորթուկալի, Յունաստանի, Լեհաստանի, Մոլտովայի, Իսլանտայի, Չեխիոյ, Կիպրոսի, Սլովենիոյ եւ Լաթվիոյ ներկայացուցիչները:
«Եւրոտեսիլ-2017»ին Կիպրոսի ներկայացուցիչը Յովիկ Տէմիրճեանն է, որ կրցաւ եզրափակիչ փուլ անցնիլ իր ներկայացուցած Gravity երգով։
Մրցումի երկրորդ կիսաեզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 11ին, իսկ եզրափակիչ համերգը՝ Մայիս 13ին: