ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Հայ Դատի Սուրիոյ յանձնախումբին, Հալէպի մէջ «Խոստումը» շարժապատկերի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ «Զահրաա» պատկերասրահին մէջ, Հինգշաբթի, 4 Մայիսի երեկոյեան, ներկայութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու, Հալէպի պետական համալսարանի պատասխանատուներու, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, արաբ հասարակական գործիչներու, քրիստոնեայ համայնքապետներու, հայկական եւ արաբական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու:
Արաբերէն բացման խօսքով Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Ֆուատ Իզմիրլի յայտնեց, թէ շարժապատկերները միջոցներ են ժողովուրդներու դատը ներկայացնելու եւ պատմութենէն դասեր քաղելու համար: Հայոց Ցեղասպանութեան մասին մէկէ աւելի շարժապատկերներ պատրաստուած են, վերջինը «Խոստումը» ժապաւէնն է, որ պատրաստուած է Սպանիա, խիստ գաղտնի պայմաններու մէջ՝ զերծ մնալու համար նման ծրագիրներու ուղղուած թրքական ճնշումներէն:
Ապա Իզմիրլի ներկայացուց «Խոստումը» շարժապատկերը, դիտել տալով որ անիկա կը միտի Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան ներկայացնել: Աւարտին ան ըսաւ. «Եկէ՛ք միասնաբար դիտենք եւ պահենք մեր խոստումը: Խոստում, որ նահատակներու արիւնը ի զուր պիտի չանցնի, խոստում՝ դատապարտելու ոճրագործները, մինչեւ որ դադրեցնեն իրենց ցեղասպանական արարքները եւ մանաւանդ արդար հատուցում կատարեն: Մենք, մեր խոստումով, թոյլ պիտի չտանք որ աշխարհը լուռ մնայ որեւէ ցեղասպանական արարքի դիմաց, յատկապէս որ 102 տարի ետք ականատեսը դարձանք անոր կրկնութեան, այս անգամ Սուրիոյ մէջ»:
«Խոստումը» Հալէպի մէջ պիտի շարունակուի ցուցադրուիլ 15 յաջորդական օրերու ընթացքին: