Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախի մէջ Նոր Կիլիկիա անունով գիւղ մը հաստատուեցաւ իր նորակառոյց բնակարաններով եւ անհրաժեշտ կառոյցներով ու յարմարութիւններով:
Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Արցախի իշխանութեան յատուկ կարգադրութեամբ՝ Նոր Կիլիկիայի տուները առաջնահերթութեան կարգով պիտի յատկացուին Արցախի նահատակներու ընտանիքներու:
Յայտնենք, որ Նոր Կիլիկիա գիւղի բնակարաններու շինութեան երկրորդ հանգրուանը աւարտած է եւ պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 8 Մայիսին: Պաշտօնական բացումին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:
Նշենք, որ նոր գիւղին աւելցած է եւս 20 տուն՝ զոհուած զինուորներու, ծառայող զինուորականներու եւ բազմազաւակ ընտանիքներու համար: Մայիսեան եռատօներուն առիթով, անոնք նուէր ստացան 20 նոր առանձնատուն եւ 32 վերանորոգուած, 10ն ալ մինչ այդ արդէն կառուցած էին, այսպիսով տուներուն ընդհանուր թիւը կը հասնի 62 առանձնատան՝ կահաւորուած ժամանակակից բոլոր յարմարութիւններով:
Առանձնատուները կառուցուած են կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն ջանքերով՝ Լիբանանի, Կիպրոսի, Սուրիա, Յունաստան, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Պարսկաստանի թեմերը: Տրամադրուած է մէկ միլիոն 250 հազար տոլար տուները կառուցելու համար: Մեր նպատակն է այս գործը շարունակել եւ Նոր Կիլիկիան դարձնել Մարտակերտի շրջանի ամենամեծ գիւղերէն մէկը», Իշխան Ջրբաշխեան: