ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ

Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի 37ամեակը տօնախմբուեցաւ Ապրիլ 2ի յետմիջօրէին, «Իմփրեշընզ» շքեղ սրահին մէջ, որ զարդարուած էր գարնանային գեղեցիկ եւ գունաւոր ծաղիկներով, աւելցնելով այս օրուան փայլքը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ճաշկերոյթի յանձնախումբի ատենապետուհի Կրասիա Ինճեան: Ան ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը, ապա շնորհակալական խօսքեր ուղղեց ճաշկերոյթի գլխաւոր հովանաւորներուն՝ տէր եւ տիկ. Զարեհ եւ Սօսի Աստուրեաններուն եւ տէր եւ տիկ. Քեւըն եւ Մէյկըն Մաթոսեաններուն: Նաեւ, շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցիս բարերարներուն, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են դպրոցիս բարելաւման աշխատանքներուն, եւ յայտագիրի մասնակիցներուն ու բոլոր ներկաներուն:
Առաջին առիթով հրաւիրուեցան դպրոցի նախկին շրջանաւարտներ Մանօ Մինասեան եւ Դաւիթ Ֆիլեան, որոնք երեկոյի հանդիսավարներն էին: Ազգային քայլերգները կատարեց Կարօ Սիւլահեան, իսկ բացման աղօթքը՝ վեր. Ճօ Կարապետեան: Ապա հրամցուեցան համադամ աղանդերներ եւ ընթրիք, մինչ կ՛ունկնդրէինք ջութակահար Ալէնի երաժշտութիւնը:

Օրուան բանախօս վեր. Յովսէփ Մաթոսեան բեմ բարձրացաւ եւ հաճելի ձեւով արտայայտեց իր միտքերը: Ան շնորհաւորեց դպրոցիս 37 տարիներու ծառայութիւնը եւ շեշտեց, թէ դպրոցի առաքելութիւնն է հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն, մշակոյթ եւ Աստուծոյ սէրը ներշնչել փոքրիկներու հոգիներուն մէջ: «Հակառակ խոչընդոտներուն, տակաւին Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը կը գոյատեւէ Աստուծոյ զօրութեամբ եւ հրաշքներով», ըսաւ ան՝ եզրափակելով իր խօսքը:
Ապա, առիթը ունեցանք ունկնդրելու Քրիստինա Ակոճեանի ասմունքը, որ երկրորդ տեղը գրաւած էր Ազգային առաջնորդարանի արտասանական մրցումին: Լսեցինք նաեւ Թաթիանա Սվաճեանի ասմունքը: Երկու ասմունքողներն ալ հրապուրեցին բոլորը իրենց հայրենասիրական ոգիով:
Այս գողտրիկ պահէն ազդուած՝ Սօսի Աստուրեան խնդրեց ներկաներէն, որ սրտաբուխ նուէրներով իրենց սիրոյ պարտքը մատուցեն վարժարանին: Առիթը ունեցանք նաեւ վայելելու Կարօ Սիւլահեանին, որ հայրենաշունչ ոգիով երգեց՝ ոգեւորելով ներկաները:

Շնորհաւորական խօսքեր ուղղեց դպրոցի տնօրէնուհի Մէյրի Թաշեան-Ուիլեըմզ: Ան գնահատեց հոգաբարձուներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն կատարած գործունէութիւնը այս տարուան ընթացքին: Յատուկ պարգեւատրման արժանացան հոգաբարձութեան կազմէն 8 տարիներու հոգաբարձու Կերի Ճըրճըրեանը, որուն գնահատանքի խօսքեր ուղղեց Կրասիա Ինճեան, ինչպէս նաեւ՝ 10 տարիներ մանկամսուրին մէջ պաշտօնավարող Տալիթա Աբէլեանը, որուն գնահատական խօսքեր ուղղեց Մարալ Պոյաճեան:
Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի գլխաւոր բարերար Մայք Սարեան ինքնաբուխ բեմ բարձրացաւ եւ կոչ ուղղեց բոլորին, որ նեցուկ կանգնին այս հայկական դպրոցին՝ տնտեսապէս աջակցելով, յօգուտ մատղաշ սերունդի ապագայի կերտումին. ան շեշտեց վարժարանին կարեւոր դերը՝ զայն «ազգային գանձ մը» որակելով:
«Լիլիա» պարախումբին կողմէ ներկայացուեցան հայկական հեզաճկուն շարժումներով պարեր:
Յայտագիրի վերջին բաժինով, Դ. եւ Ը. կարգի աշակերտները խանդավառօրէն երեք խմբերգներ կատարեցին՝ ղեկավարութեամբ տէր եւ տիկ. Արտաշէս եւ Ժաննա Սինանեաններուն, փոխադրելով մեզ դէպի մեր արմատները:

Միացեալ Նահանգներու Ա-րեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ խօսք առաւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, փոխանցելով յաջողութեան եւ նորանոր նուաճումներու մաղթանքներ: Ան ըսաւ, թէ ի՛նչ ցանենք, արքայութեան մէջ պիտի հնձենք: Ապա «Պահպանի»չով փակուեցաւ այս ճոխ երեկոն:
Վարձքը կատար կազմակերպիչ յանձնախումբին:
