ԵՐԵՒԱՆ, ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին առիթով, Դամասկոսի մէջ լոյս տեսաւ արաբագէտ, Սուրիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, պատմական գիտութիւններու դոկտ. Արշակ Փօլատեանի եւ Հայաստանի արտաքին նախարարութեան յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Լեւոն Սարգսեանի համահեղինակած «Սուրիացի Արաբ Ականատես Ֆայէզ Ալ Ղուսէյնի Յուշերը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին» գիրքը:
Աշխատութիւնը իւրայատուկ է, որովհետեւ այնտեղ առաջին անգամ ամբողջական կերպով կ՛ամփոփուի սուրիացի փաստաբան, հասարակական-քաղաքական գործիչ, Արաբական յեղափոխութեան մասնակից Ֆայէզ ալ Ղուսէյնի ամբողջական յուշերը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Ներկայացուող գիրքը առաջին անգամ ըլլալով արեւելահայերէնով գիտական շրջանառութեան մէջ կը դնէ Ցեղասպանութեան ականատեսի վկայութիւնները ամբողջութեամբ՝ թարգմանուած արաբերէն բնագիրէն: Մինչեւ այսօր հրատարակուած հայերէն թարգմանութիւնները ամբողջական չէին եւ կատարուած էին ոչ թէ բնագիրէ՝ այլ ֆրանսերէնէ:
Ա. Փօլատեանի եւ Լ. Սարգսեանի կողմէ գիտական նոր մեկնաբանութեամբ հրատարակուած թարգմանութեան կցուած են արաբերէն բնագիրները:
Ֆայէզ պըն Զայ ալ Ղուսէյն (1833-1968թթ.) մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմ եղած է Խարբերդի նահանգի Քեախթայի գաւառապետը, այնուհետեւ աշխատած է Դամասկոսի մէջ իբրեւ փաստաբան, ինչպէս նաեւ եղած է Դամասկոսի խորհրդարանի պատգամաւոր: 1915ի Յուլիսին, հակաօսմանեան արաբական գաղտնի կազմակերպութեան անդամակցելու մեղադրանքով, ան կը ձերբակալուի եւ կ՛աքսորուի Տիարպեքիր, սակայն, վախնալով թրքական իշխանութիւններու հաշուեյարդարէն, Ֆ. Ղուսէյն վեց ամիս անց հարկադրուած կ՛ըլլայ դիմելու փախուստի: Որոշ ժամանակ ապաստանելով Հնդկաստան, կը վերադառնայ Հիճազ եւ կը միանայ Օսմանեան կայսրութեան դէմ Արաբական յեղափոխութեան:
Դէպի Տիարպեքիր աքսորի ճանապարհին, Ղուսէյն ականատես կ՛ըլլայ հայերու հանդէպ Օսմանեան իշխանութիւններու իրագործած սարսափելի դաժանութիւններուն, իսկ Տիարպեքիրի մէջ ան կը ծանօթանայ հայերու կոտորածի սահմռկեցուցիչ բազմաթիւ մանրամասնութիւններու:
Այս բոլորը ցնցող տպաւորութիւն կը ձգեն անոր վրայ եւ ան կ՛որոշէ գրի առնել իր յուշերը:
Ֆ. ալ Ղուսէյն հեղինակ է շարք մը աշխատութիւններու, որոնց մէջ ան կը մերկացնէ թրքական իշխանութիւններուն եւ, մասնաւորապէս, երիտթրքական վարչակարգի դաժանութիւնները հպատակ ժողովուրդներուն՝ արաբներուն եւ հայերուն հանդէպ: 1939ին Դամասկոսի մէջ լոյս կը տեսնէ անոր «Իմ Յուշերը Արաբական Յեղափոխութեան Մասին» գիրքը, որուն մէջ զետեղուած են հայկական բնակչութեան հանդէպ թուրքերու գործած բռնութիւններու բազմաթիւ նկարագրութիւններ:
Յատկանշական է, որ «Իմ Յուշերը Արաբական Յեղափոխութեան Մասին» աշխատութեան մէջ տեղ գտած Հայոց Ցեղասպանութեան վկայութիւնները ընդհանրապէս դուրս մնացած են հայագէտ-ցեղասպանագէտներու տեսադաշտէն: Այս վկայութիւնները առաջին անգամ ըլլալով Ա. Փօլատեանի եւ Լ. Սարգսեանի ժողովածուին մէջ ներկայացուած են հայերէն եւ արաբերէն տարբերակներով: