ԹՈՐՈՆԹՕ, «Թորոնթոհայ».- Կիրակի, 30 Ապրիլին, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այցելեց Թորոնթօ եւ հանդիպում ունեցաւ հայ համայնքին հետ։
Հանդիպման ներկայ էին աւելի քան 1500 հայեր: Ձեռնարկի հովանաւորն էր Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբը, կազմակերպութեամբ՝ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն, Հայ Աւետարանական, Ս. Աստուածածին եւ Սուրբ Գրիգոր կաթողիկէ եկեղեցիներուն, Պոլսահայ մշակութային միութեան, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան եւ Հայ Դատի Թորոնթոյի յանձնախումբին:
Վերը նշուած կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ ներկայացուցիչներ «Զօրեան» հիմնարկէն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն, Հայ Օգնութեան Միութենէն, Գանատայի Հայ Երիտասարդական Միութենէն, Թորոնթոյի հայ տարեցներու միութենէն, ՀՄԸՄէն, Համազգայինէն, ինչպէս նաեւ Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերակառուցման ծրագիրի պատասխանատու Ռաֆֆի Պետրոսեան: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ներկայացուցիչներ Թորոնթոյի քրտական եւ ասորական համայնքէն:
Երեկոն սկսաւ կարճ տեսանիւթ-զեկոյցով մը, որ կը ներկայացնէր Կարօ Փայլանի վերջին տարիներու քաղաքացիակական գործունէութիւնը:
Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պէլեան կարդաց կազմակերպիչ յանձնախումբին խօսքը եւ ներկայացուց Փայլանը: Պէլեան հիւրը բնորոշեց իբրեւ հաւասարութեան, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքներ հետապնդող գործիչ: «Պր. Փայլան, ձեր գործունէութիւնը համեստացնող եւ ոգեշնչող է: Ոգեշնչում, որ կը ցուցաբերուի ուժի հաստատակամութեամբ, որ մեզ կը մղէ գնահատելու արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան համար մեր պայքարի իսկական իմաստը», ըսաւ ան:
Ծափահարութիւններու տառափի մը տակ ամպիոն բարձրացաւ Կարօ Փայլան: Ան ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ ներկայ քաղաքական իրավիճակը, սահմանադրական հանրաքուէէն ետք շարունակական անորոշութիւնն ու մտահոգութիւնը Թուրքիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութիւններուն համար: Ան շեշտեց ոճիրները՝ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ճանչնալու կարեւորութիւնը՝ յայտարարելով. «Անպատիժ յանցագործութիւնները կ՛առաջնորդեն նոր յանցագործութիւններու»:
Փայլան կարեւոր համարեց պահպանել ու արժեւորել ժողովրդավարութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, յարգանքն ու մարդու իրաւունքները Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան հարցումներ ուղղելու հիւրին, որմէ ետք Պէլեան բեմ հրաւիրեց Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Ճանպազեանը, որպէսզի հիւրին յանձնէ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ նուէր մը:
Փայլանի ներկայութիւնը, անոր բացառիկ դատողութիւնները ոգեշնչեցին Թորոնթոյի հայերը, յատկապէս նոր սերունդը։
Կարօ Փայլան հիմնադիր անդամ է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան, եւ պատգամաւոր՝ Պոլսոյ երրորդ շրջանէն: Ան Պոլսոյ հայ համայքի անդամ է եւ երկար ժամանակէ ի վեր ջատագով՝ մարդու իրաւունքներու, խօսքի ազատութեան եւ ազգային փոքրամասնութիւններու, յատկապէս քրտական եւ հայկական հարցերու, որոնց մէջ նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատին: