Ուրբաթ, 21 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «1.5 Միլիոն Արեան Կանչ» գրքոյկին ներկայացումը եւ «Հանրայայտ հայ նկարիչներ» խորագիրով ցուցահանդէսը: Ներկայ էր գիրքին հեղինակը՝ դերասան Ռուբէն Գասպարեան, որ բոլորին ծանօթ է իբրեւ «Ղուրպան»:
Սոյն ձեռնարկը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին ոգեկոչման՝ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արսէն քհնյ. Գասապեան, որ ապա բեմ հրաւիրեց «Կոմիտաս» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ռազմիկ Յակոբեանի, որ գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ երկու երգերով:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ Էլմիրա Գասպարեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց «1.5 Միլիոն Արեան Կան»չ գրքոյկի մեկնաբանութիւնը:
Նշենք, որ եզակի բովանդակութեամբ սոյն գրքոյկը հրատարակուեցաւ 2015ին, Հայաստանի մէջ, Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ:
Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան ազգային երգերու մեկնաբան եւ երաժիշտ Գէորգ Չաքմանեան եւ երգահան Մարկարիթ Խըլխաթեան:
Էլմիրա Գասպարեան հակիրճ կերպով անդրադառձաւ հեղինակ Ռուբէն Գասպարեանի կենսագրական գիծերուն:
Արուեստագէտը հայերէնով լոյս տեսած 9 գիրքերու հեղինակ է, նաեւ՝ նկարիչ եւ դերասան:
Ապա Էլմիրա Գասպարեան հրաւիրեց արուեստագէտ Ռուբէն Գասպարեանը, որ իր սրտի խօսքը արտասանէ: Ան շնորհակալական խօսքէն ետք, երկու նկարչական արուեստի գործեր նուիրեց Լաս Վեկասի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանին, ապա իր գրքոյկի օրինակներէն նուիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արսէն քհնյ. Գասապեանին:
Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով յուշանուէր յանձնուեցաւ Ռուբէն Գասպարեանի եւ Գէորգ Չաքմանեանի ձեռամբ եկեղեցւոյ ատենապետ Եղիա Եղիայեանին, նաեւ ծաղկեփունջ տրուեցաւ Մարկարիթ Խըլխաթեանի եւ Ռազմիկ Յակոբեանի ձեռամբ Արփի Հիքսին:
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին եկեղեցւոյ «Վերժին Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանրայայտ նկարիչներու աւելի քան 40 գործերու ցուցահանդէսը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ կազմակերպութեամբ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան:
Վա՛րձքը կատար բոլորին:
(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն)