ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիական պետական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան հրթիռակոծում մը Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մօտ գտնուող զինուորական դիրքի մը մէջ մեծ պայթում ու հրդեհ յառաջացուցած է Ապրիլ 27ին: «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վնասուած են վառելանիւթի շտեմարան մը եւ պահեստանոցներ:
Աւելի ուշ, «Պի.Պի.Սի.»ն հաղորդեց, որ ըստ սուրիական ընդդիմադիր աղբիւրներու՝ իսրայէլեան հրթիռակոծման թիրախը լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան պատկանող զէնքի պահեստանոց մըն էր:
Նաեւ, իրենց ինքնութիւնը բացայայտել չուզող աղբիւրներ «Մայատին» կայանին յայտնած են, որ հրթիռները արձակուած են բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքին վերեւը թռիչք կատարող ռազմական օդանաւերու կողմէ:
Իսրայէլի հետախուզութեան հարցերով նախարար Իսրայէլ Քաց, իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կրնամ հաստատել, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած դէպքը կը համապատասխանէ Սուրիոյ ճամբով Իրանի կողմէ «Հըզպալլա»ին արդիական զէնքերու մաքսանենգումը արգելակել միտող Իսրայէլի քաղաքականութեան: Բնականաբար, չեմ ուզեր մանրամասնել: Վարչապետը նախապէս յայտնած էր, որ երբ տեղեկութիւն ստանանք «Հըզպալլա»ին արդիական զէնքերու փոխանցման մտադրութեան մասին, գործի պիտի լծուինք»: