ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իբրեւ պատասխան Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ Թուրքիոյ դէմ առնուած որոշումին, Անգարա ջնջեց գերմանացի երեսփոխան Պերնտ Ֆապրիթիուսին՝ գալիք Մայիսին ծրագրուած Թուրքիա այցելութիւնը։ Երեսփոխանը Թուրքիոյ մէջ շփումներ պիտի ունենար ու պիտի քննարկէր այն հարցը, թէ Թուրքիա որքանո՛վ հաւատարիմ կը մնայ իրաւական պետութիւն մը ըլլալու հրամայականին։
Երեսփոխանը իր կարգին ցաւ յայտնեց, որ Թուրքիա իր այցելութիւնը ջնջուած է վերջին վայրկեանին։ Ան յայտնեց նաեւ, որ շփումներ պիտի ունենար արդարադատութեան նախարարին, Սահմանադրական ատեանի նախագահին եւ այլ քաղաքական գործիչներու հետ։ Երեսփոխանը յոյս յայտնեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները վերատեսութեան կ՛ենթարկեն իրենց որոշումը։
Իսկ Անգարա յստակ կերպով դիտել տուաւ, որ այս որոշումը առած էր պարզապէս ընդդիմանալու ԵԽԽՎի կողմէ Թուրքիան դարձեալ քաղաքական հսկողութեան տակ առնելու որոշումին։
Նաեւ, ԵԽԽՎի որոշումէն ետք, իշխող եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու երեսփոխանները որոշած են չմասնակցիլ անոր լիագումար նիստերուն։ ԵԽԽՎի մէջ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 18 անդամներէ, որոնցմէ 10ն՝ իշխող, 5ը՝ հանրապետական, 2ը՝ քրտամէտ եւ մէկը՝ ազգայնական կուսակցութեան անդամ են։
Վերջապէս, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի, անդրադառնալով ԵԽԽՎի որոշումին՝ յայտարարեց, որ Թուրքիա հասած է անկիւնադարձային կէտի մը, երբ անհրաժեշտ է բազմակողմանիօրէն վերատեսութեան ենթարկել Եւրոպայի հետ իր յարաբերութիւնները։ Ան ազդարարեց, թէ Եւրոպա «շատ սուղ գին պիտի վճարէ՝ Թուրքիան մերժելուն եւ Թուրքիոյ դէմ անհիմն մեղադրանքներ ներկայացնելուն համար»։ Պահչելի ԵԽԽՎի որոշումը բնորոշեց որպէս Թուրքիոյ վերաբերեալ «հիւանդագին դիրքորոշումներու արգասիք»։