ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութեան որոշումով, Երեւանի մէջ Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանին համար նախատեսուած տարածքը՝ 1224.4 քառ. մեթր մակերեսով եւ օգտագործման ու սպասարկման համար անհրաժեշտ 0.1 հեկտար հողամասով, նուիրուած են «Ազնաւուր» հիմնադրամին:
Ուրբաթ, 28 Ապրիլին, Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան գրասենեակին մէջ Ազնաւուր ընտանիքի անդամներու մասնակցութեամբ կնքուեցաւ նուիրատուութեան պայմանագիրը, զոր «Ազնաւուր» հիմնադրամին կողմէ ստորագրած է տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Քրիստինա Սարգիսեան, որ Շարլ Ազնաւուրի որդիին՝ Նիքոլա Ազնաւուրի կինն է: