ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարձեալ առանձնացած եմ սենեակս: Այն չորս պատերով տարածութիւնը, որ դրացի չունի, քաղաքէն ալ զատուած է եւ նոյնիսկ Ամերիկան դուրս ձգած է: Կը սիրեմ այս սենեակս, որովհետեւ կը սիրեմ առանձնութիւնս: Կը սիրեմ առանձնութիւնս, որովհետեւ ինքն է, որ դէպի ինձ կ՛առաջնորդէ մտածումներս, որոնք միակ մտերիմներս են: Անոնցմով է, որ կ՛ապրին յուշերս, որոնք տակաւին պահած են իրենց գեղեցկութիւնն ու հրապոյրը: Անոնց վրայ մօր մը նման կը գուրգուրամ:
Նստած եմ, չեմ գիտեր որքան ժամանակէ ի վեր, ու կը թղթատեմ շուրջ ինը տասնամեակներ առաջ հրատարակուած հատոր մը, որ զիս կը նետէ հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ մեր պապենական հողին վրայ կատարուած պատահարներուն գիրկը:
Որովհետեւ՝ դարձեա՛լ Ապրիլ է: Կը յիշենք…
Այդ օրերուն, ժամանակները չար էին եւ նոյնիսկ երկինքի արեւը փոխուած էր: Այդ օրերուն, հայ կեանքը նստած էր տրտմութեան չորցած աղբիւրին քով: Հո՛ն, մեր հողերուն վրայ, ջարդի, մահուան եւ տարագրութեան ալիքը սկսած էր պտըտելու ու զարնուելու իւրաքանչիւր հայ օճախի: Որովհետեւ՝ Ապրիլը իրեն հետ բերած էր կծու համը մահուան ու տառապանքին: æնջուած էր հայու ծիծաղը ու մեր գաւառներէն ներս երջանկութեան բոլոր կոճղերը արմատախիլ եղած էին: Հայ մշակին ու գիւղացիին, հայ մտաւորականին ու բանուորին երազը սպաննուած էր: Հոգեկան խաւարն ու սուգը պատած էին մեր երկիրը: Հայ մամիկներու աչքերէն արցունքը վազած էր հեթանոս ահաւորութեամբ, եւ գերեզմանական տխրութիւնը թակած էր իւրաքանչիւր տան դուռը: Ազգովին բարբարոս գոհունակութեան մը զոհը եղած էինք: Ճակատագրային դժբախտութիւն…
Ամայացա՛ծ էր նաեւ հայ գրական մեր փողոցը… Մտաւորական եռուզեռը դադրած էր: Պապանձա՛ծ: Հայ կեանքը խառնակ էր ու շփոթ: Տխուր ու վշտալի: Աւելին՝ աւելո՛րդ է:
Սակայն այս բոլորէն ետք, յանկարծ Փարիզի մէջ, Սեպտեմբեր 1929ին, ծնունդ կ՛առնէր «Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներ»ը՝ այդ օրերու հայ մտաւորականներու խումբը, որ վառ երեւակայութեամբ, նուրբ խորհուրդներով ու մանաւանդ մեծ զոհաբերութեամբ ծնունդ կու տար իւրայատուկ գեղեցի՛կ իրականութեան մը։
Այս նորաստեղծ միութեան՝ ՆԳԲի, առաջին գործը եղաւ՝ հաւաքել, ամփոփել ու հրատարակել նահատակուած կամ մահացած հայ գրիչներու աշխատասիրութիւններուն ցրուած էջերը: Աշխատանք մը, որ ինքնին բարենիշ մը ըլլալով հանդերձ, կրնար նաեւ ինքզինք լաւապէս պարզաբանել: Անոնք իրենց այս արարքով վերարժեւորեցին մեր ինքնութիւնը: Հայ միտքի ժամադրավայրը ստեղծեցին եւ հայ հոգիին տուին տաքուկ նոր արեւ մը: Մեր մշակոյթին դուռը բաց պահեցին անոնք: Հակառակ ծանր պայմաններուն, այդչափ զոհերէ ետք, անոնք իրենց մտածման ճարտար եղանակով հայ գիրքին ձայնը անգամ մը եւս լսելի դարձուցին:
Մտայղացո՛ւմ:
Երեւակայեցէ՛ք, որ բազմաթիւ արեւմտահայ գրողներ զոհուած էին Մեծ Եղեռնին եւ նոյնիսկ անկէ առաջ, առանց կտակելու իրենց ստեղծագործութիւնները առանձին հատորներով: Այսպէս, սկսելով Ռուբէն Զարդարեանէն, այդ խումբը հասած էր Հրանդին, Գեղամ Բարսեղեանին, Գեղամ Կարապետեանին, Արտաշէս Յարութիւնեանին, Երուխանին, Տիգրան Չէօկիւրեանին եւ Ռուբէն Սեւակին:
Այս համբուրելի եւ ողջունելի խմբագրութեան մաս կը կազմէին մեզի ծանօթ ու անծանօթ անուններ, գրիչներ, գրական մշակներ եւ ազգային գործիչներ, ինչպէս՝ Սիմոն Վրացեան, Մկրտիչ Պարսումեան, բժշկ. Լ. Գրիգորեան, Լ. Մօզեան, Վազգէն Շուշանեան, Կարօ Սասունի, Շաւարշ Նարդունի, Մկրտիչ Երիանց եւ Օհան Կարօ: Մէկ խօսքով՝ անուններ, որոնք ապագայի նկատմամբ ունեցած էին տեսլական եւ այս ձեւով մոռացութենէ փրկած հայ գրականութեան շարք մը նշխարներ: Եւ գրական մեր ոգեւորութիւնը սկսած էր արթննալու: Իրենց այս աշխատանքով, հայ գրականութեան արտավայրի տարածքին կրկին անգամ հեշտագին տաւիղը «լսելի» սկսած էր դառնալու:
Հաստատապէս բոլոր ստեղծագործութիւններն ալ հայութիւն կը ներշնչէին, անոնց մէջ նաեւ թաքնուած էր վեհութեան եւ յաւերժութեան խորհուրդը: Իրերայաջորդ հրատարակութիւններով՝ ոգեւորուած խնդութիւնը կը ծաղկէր: Կեանքի բաղձանքը կը ծորէր ամէն կողմէ: Իրենց մեռելներուն երազը հանգիստ պահելու համար, խաղաղ ու թարմ կարօտներ կ՛արթննային հայ տուներէն ներս: Հայ միտքի յոգնութիւն չկար այլեւս, ո՛չ ալ կործանարար յուսահատութիւն: Անսպառ վերակենդանութիւն կը տիրէր ամէնուրեք: Հայ գիրի ու գրականութեան կեանքը կը սկսէր կրկին անգամ խլրտելու մեր միտքերու երդիքին տակ: Կը կարծեմ, որ այն ատեն հրաշալի՛ էր աշխարհը: Անոնք այս ձեւով գրականութիւն «կ՛երգէին» ու իրենց երգը հաւատարմօրէն կը բաշխէին համայն հայութեան:
Աւելին՝ իբրեւ հոգատար սիրտ, մեր մշակոյթի պահպանման կրակը կրկին կը բոցավառէր: Այդ կրակը հայ գիրի ու գրականութեան սէ՛րն էր, որուն ժպիտը կը գեղեցկացնէ հայու աչքերն ու միտքը: Իրենց այս սրբազան «արարքը» դարձաւ նաեւ նահատակ կեանքերու հոգեհանգիստ մը: Նոր յոյսերով, նոյն տենդերով ու նոր յուզումներով, հայ գրական կեանքը սկսաւ կրկի՛ն հոսելու:
ՆԳԲի սիրտին մէջ անկասկած կը բաբախէր մշտնջենական սէրը հայ լեզուին եւ հայ միտքին հանդէպ: Ասիկա մեր լեզուին հրա՛շքն ալ էր, եւ՝ աշխարհի հակասութեան դէմ մեղանչում:
Իսկ այսօր, ո՞վ պիտի շարունակէ երգել կապոյտ գեղեցկութիւնը մեր մշակոյթին: Այսօր, բոլորին նման ե՛ս ալ այդ սէրերու կարօտն ունիմ, որպէսզի վաղն իսկ բաշխուի բոլորիս եւ ամէնուրեք: Որպէսզի դժբախտ ու անմխիթար չմնայ հայու հոգին…
Կրկի՛ն Ապրիլ է. սակայն այս Ապրիլը տարբե՛ր է: Պէ՛տք է տարբեր ըլլայ: ՆԳԲի հիմնադիրները ոչ միայն անհուն յարգանք ունեցան հեռու, անմահութեան աշխարհներու մէջ մոռցուած անուններու հանդէպ, այլեւ փրկեցին նահատակ գրողներու կորսուած գրիչները, անոնց քրտինքին ու տառապանքի վեհութեան կողքին: Այս ձեւով, անոնք պահեցին հպարտութիւնը մեր մշակոյթին եւ լեզուին:
Իսկ հիմա անծանօթ ցաւ մըն է որ կը կրեմ: Կը փորձեմ ես զիս պարզել: Ահա՛ այդ «հերոսներուն» նախանձելի յանդգնութիւնը, կ՛ըսեմ: Ահա՛ խոյանքը, կը կրկնե՛մ: Յանուն հայ գիրի վաղուան՝ դժուարն ու անկարելին փորձելը, կը բացագանչե՛մ: Կը մտածեմ յաճախ, որ ՆԳԲի նման հնարամտութիւնը մեր գալիք սերունդները լուսաւորող շող մըն ալ կրնայ ըլլալ, անկասկա՛ծ:
Եւ որովհետեւ կը սիրեմ եւ կը յուսամ, ուստի՝ երազն ու յոյսը կը մտնեն կեանքս, զիս սփոփելու եւ երջանկացնելու համար։