Ապրիլ 24ին, Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լավալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին աւելի քան 2000 հայորդիներ եւ Գանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքին իրենց պետական դրօշները պարզած միացան ասորական, ռուանտական եւ այլ պատուիրակութիւններու անդամներ, որոնք Օթթաուա ժամանած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու հայութեան: Հաւաքն ու քայլարշաւը կազմակերպուած էին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։
Օթթաուայի ոստիկանութիւնը, այս տարի եւս թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Գանատայի Խորհրդարանին դիմաց իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ նոյն պահուն, երբ գանատահայերը կը կատարեն Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման ամէնամեայ աւանդական արարողութիւնը: Հայ եւ թուրք համայնքները իրարմէ բաժնուած էին յատուկ անցարգել մետաղեայ պատնէշներով:
Պաշտօնական հանդիսութեան հանդիսավարն էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գործավար Սեւակ Պելեան: Հայ Դատի յանձնախումբի խօսքը փոխանցեց Նորա Արուշեան, որ դատապարտեց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը: Ան յատկապէս շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զուգահեռ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ գործադրուած ասորիներու եւ Փոքր Ասիոյ յոյներու ցեղասպանութիւնները նոյնպէս կանխամտածուած էին:
Խօսք առաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի իշխանութիւններուն, որոնք հայութեան իրաւունքներուն եւ համաշխարհային առումով մարդկային իրաւանց պաշտպան կը հանդիսանան: Ան նաեւ բուռն կերպով դատապարտեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ յայտնեց, թէ նման ուրացումներ կրնան առաջնորդել այլ ցեղասպանութիւններու գործադրման ու անպատժելիութեան: Դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 10րդ տարելիցին, հաստատելով, որ Տինքի ահաբեկումը Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է:
Իշխող Ազատական կուսակցութեան կողմէ խօսք առաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Անտրու Լեսլի: Ան ընթերեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակին առիթով հրապարակած ուղերձը, ուր վարչապետը կը վերահաստատէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Գանատայի պետական քաղաքականութիւնը:
Խօսք առին նաեւ Ազատական կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Խուրի, ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Կարնէթ Ճէնիս եւ Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան Ալեքսանտր Պուլրիս։
Ելոյթ ունեցան նաեւ նաեւ Իսրայէլի եւ Հրէական հարցերու կեդրոնի տնօրէն Ռիշար Մարսօ, Հելլէնական-գանատական քոնկրեսի նախագահ Թէոտոր Հալատծիս, Ռուանտացիներու HUMURA կազմակերպութեան փոխնախագահ Ժան-Քլոտ Նկապոնզիզա եւ Գանատայի Ասորի երիտասարդութեան կողմէ Ռոզմարի Եաչուհ, որոնք հաստատեցին յոյն, հրեայ, ռուանտացի եւ ասորի ժողովուրդներու զօրակցութիւնը հայութեան դատին, շեշտելով, որ անցեալի ցեղասպանութեանց ուրացումները կ՛առաջնորդեն նոր ցեղասպանութիւններու:
Խորհրդարանին դիմաց հաւաքի աւարտէն ետք աւելի քան 2000 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 150-200 թուրք ցուցարարները, հակահայ պաստառներով կանգնած էին: Ոստիկաններու ստուար թիւ մը եւ անցարգել պատնէշներ կը բաժնէին ցուցարար երկու կողմերը: Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց դեսպանատան դիմաց ոգեկոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) կազմակերպութեամբ գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր, որուն ընթացքին հայ երիտասարդները հաստատեցին պահանջատիրական երթը շարունակելու նոր սերունդի վճռակամութիւնը:
Նշենք, որ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցին ՀՅԴ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք առաջնորդ սրբազան Աբգար եպս. Յովակիմեանի, առաջնորդ սրբազան Բաբգէն արք. Չարեանի եւ դեսպան Արմէն Եգանեանի հետ, դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով ոգեկոչեցին Մեծ Եղեռնի 100ամեակը: Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով այս արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Օթթաուայի քաղաքապետ Ճիմ Ուաթսըն: