«Կիրակի, 23 Ապրիլի առաւօտեան, Աթէնքի կեդրոնի Սինտաղմա հրապարակի մերձակայ «Բալլաս» թատերասրահը բեմահարթակը դարձաւ, ի նպաստ Հայ Դատի եւ Հայաստանի, հելլէն զօրակցութիւնը վերահաստատող պետական ու քաղաքական հանդիսաւոր ելոյթներու», կը գրէ «Ազատ Օր»ը, ըստ որուն Ատտիկէի Մարզպետարանի հովանաւորութեամբ եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յունաստանի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ իրականացած Ապրիլ 24ի այս տարուան քաղաքական կեդրոնական ձեռնարկին տպաւորիչ էր մասնակցութիւնը ինչպէս հելլէն պետական եւ քաղաքական պաշտօնատար անձնաւորութիւններու, նոյնպէս եւ Յունաստանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանութեանց քաղաքական եւ զինուորական ներկայացուցիչներուն:
Պատուոյ հիւրերու առաջին շարքին էին Յունաստանի կառավարութեան եւ խորհրդարանի ներկայացուցիչները, Ատտիկէի մարզպետուհին, Եւրոպական Խորհրդարանի փոխնախագահ օրուան բանախօսը, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Յունահայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդը, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը, հելլէն իշխանութեանց փոխնախարարներ, խոր-հրդարանականներ, օտար դեսպաններ ու զինուորական կցորդներ, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ ու աւետարանական յարանուանութեանց առաջնորդներն ու յունահայոց ծխատէր հոգեւոր հովիւներ:
Օրուան նախագահ եւ հանդիսավար Սդաւրոս Ապարեան, յանուն ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին, յունարէնով ներկայացուց հանդիսութեան պաշտօնական բացման խօսքը: Ընդհանուր կերպով շեշտը դնելով Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը իրաւական դաշտի մէջ արմատաւորելու այսօրուան անհրաժեշտութեան վրայ՝ Ս. Ապարեան կարեւորութեամբ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց թէ՛ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանին վերատիրանալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառի պահանջատիրական քայլին արժեւորման կարեւորութիւնը, թէ՛ Եւրոպական Խորհրդարանի Յունիս 1987ի պատմական որոշումին՝ Հայկական Հարցին քաղաքական լուծում մը առաջադրելու եւ թրքական պետութենէն համապատասխան վերաբերում պահանջելու եւրոպական եւ միջազգային դիւանագիտութեան հունով յառաջ ընթանալու հրամայականը:
Ապա Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբը, խմբավար Մկրտիչ Գրիգորեանի ղեկավարութեամբ՝ յաջողութեամբ մեկնաբանեց «Սուրբ Սուրբ», «Ո՜վ Հայոց Աշխարհ» եւ «Սայլի երգ» խմբերգներով:
Այնուհետեւ՝ իրարու յաջորդեցին հելլէն կառավարութեան, հելլէն խորհրդարանի, Ատտիկէի մարզպետարանի, Յունաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան եւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան ողջոյնի խօսքերը:
Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան ողջոյնի իր խօսքը հայերէնով ներկայացուց դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան։
Իր կարգին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը, որուն անունով Արմէն Աճէմեան անձնական վկայութիւն մը տուաւ նորահաս հայ սերունդներուն՝ իբրեւ Հայ Դատի պահանջատէր երիտասարդութեան՝ ազգային եւ քաղաքացիական կրկնակի պատկանելութեանց համադրման եւ հելլէն հասարակութեան մէջ հայօրէն համարկուելու իրողութեան մասին:
Կեդրոնական բանախօսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ վիտէօ երիզի մը ցուցադրութիւնը, որ կը ներկայացնէր տեսարաններ 1987ի Եւրոպական Խորհրդարանին առջեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով կազմակերպուած ցոյցերէն, նաեւ Արամ Ա. վեհափառի հարցազրոյցը Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձման Թուրքիոյ դէմ դատական հարցին առընչութեամբ ու աշխարհի զանազան վայրերու մէջ տեղի ունեցած պահանջատիրական ցոյցերէն:
Այնուհետեւ հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ Եւրոպական Խորհրդարանի փոխնախագահ Տիմիդրիս Բաբատիմուլիսը, որ իր խօսքին սկզբնաւորութեան յայտնեց, որ տարիներ Գարէայի շրջանին մէջ ապրած ըլլալով՝ անձնապէս շատ հայ բարեկամներ ունեցած է եւ աւելիով մտերմացած է հայ ժողովուրդին հետ: Օրուան բանախօսը իր ելոյթը զարգացուց Եւրոպական Խորհրդարանին Յունիս 1987ի պատմական որոշումին վրայ հիմնուելով եւ ըսաւ. «Հայկական Հարցին քաղաքական լուծում մը առաջադրող երեսնամեայ այդ որոշում-բանաձեւը այսօր եւս կը շարունակէ պահպանել իր այժմէականութիւնը: Իբրեւ իրաւական հիմքը Հայ Դատի պահանջատիրութեան՝այդ որոշումը կը հունաւորէ նաեւ Հայաստանի վերանկախացեալ հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութեան մարզերու ընդարձակումը, յարաբերութեանց սերտացումը, այլեւ ու մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման ուղղութեամբ Հայ Դատի պահանջատիրութեան յառաջխաղացքը»: Բաբատիմուլիս այս առնչութեամբ դիտել տուաւ, որ Յունաստան ի վիճակի է եւ պէտք է առաւել կենսունակութիւն ցուցաբերէ, որպէսզի համեւրոպական անհրաժեշտ ճնշումը բանեցուի թրքական իշխանութեանց վրայ եւ Թուրքիա ընդունի իր պատմական պատասխանատուութիւնը՝ ի խնդիր պատմական արդարութեան եւ հայոց իրաւունքներու վերականգնումին: Իր խօսքի աւարտին, օրուան բանախօսը յոռետեսութեամբ անդրադարձաւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ բռնակալութեան ուղղութեամբ նետուած սահմանադրական եւ քաղաքական վերջին քայլերուն, որոնք ոչ միայն թրքական պետութիւնը աւելիով կը մխրճեն սեփական պատասխանատուութիւնը ուրանալու յանցագործ վարքագիծին մէջ, այլեւ ֆաշականութեան նորովի թափ տալով՝ կը շեշտեն ցեղասպանական նոր յանցագործութեանց վտանգը:
Հանդիսութեան աւարտին, ներկաները պաշտօնական անձնաւորութեանց առաջնորդութեամբ, սրահէն հաւաքաբար քալեցին դէպի Սինտաղմայի հրապարակի Անծանօթ Զինուոր յուշադամբանը, ուր հելլէն բանակի փողերախումբի նուագակցութեամբ եւ պատուոյ պահակագունդի ընկերակցութեամբ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւնը: