ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թերթ».- Ապրիլի 25ին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան դիրքերուն վրայ, մահացած է ՊԲ զինծառայող, 1998ին ծնած Կարէն Արմէնի Աւետիսեան:
Միջադէպի մանրամասնութիւնները պարզելու համար բացուած է քննութիւն: Նախնական տուեալներով, Կարէն իր սեփական զէնքով անձնասպան եղած է: