ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 24ին, եռօրեայ պաշտօնական այցով Երեւան ժամանած է Հնդկաստանի փոխնախագահ Մոհամմատ Համիտ Անսարի:
Հնդկաստանի փոխնախագահը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:
Այցի ծիրին մէջ Հնդկաստանի փոխնախագահը Ապրիլ 25ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ան այցելեց նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, գրառում կատարեց թանգարանի յուշամատեանին մէջ. «Այս յուշահամալիրը վառ վկայութիւն է, որ հայերը տուժած են դաժան բռնութիւնէ: Միայն յենելով ազատութեան եւ հանդուրժողականութեան արժեքներու վրայ՝ մենք կրնանք խաղաղ ու ներդաշնակ ապագայ կառուցելու յոյս ունենալ», գրած է ան:
Ան Ծիծեռնակաբերդի տարածքին, Յիշատակի պուրակին մէջ եղեւնի տնկած է։