ՏԻԳՐԱՆ ԵԿԱՒԵԱՆ
Իվ Քերնալկեն ծնած է իր խստադէմ եւ ծովուժի մէջ տարիներու ծառայութեամբ կոփուած նկարագրի տէր մեծ հօր՝ Էօժենի մահէն տարիներ ետք: Իվ միշտ ալ հետաքրքրուած եղած է իր մեծ հօր պատմութեամբ՝ տեղեակ ըլլալով, որ վերջինս մասնակցած է Համաշխարհային Ա. պատերազմին մէջ ծովային ճակատամարտերու: Սակայն միայն 2010ին էր, որ ան կրցաւ ամբողջովին ծանօթանալ Էօժեն Քերնալկենի առնչուած դէպքերու շարքին:
24 Ապրիլ 2010ին, Ֆրանսայի Ֆինիսթեր շրջանի Պէօզէք-Քափէ Սիզէոն քաղաքին մէջ, արարողութեան մը ընթացքին, բացումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշատախտակի մը: Այդտեղ էր, որ Իվ Քերնալկեն ծանօթացաւ Ճորճ Գէորգեանին: Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ նախկին աւագ ճարտարապետ, այժմ պատմաբան Գէորգեան կենդանի խորհրդանիշ է հայ-պրըթոնեան բարեկամութեան: Իվ՝ Գէորգեանի օգնութեամբ ծանօթացաւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ դէպքերուն:
Պրըթոն նաւաստիներ, որոնք մասնակցած են Համաշխարհային Ա. պատերազմին, չէին ուզեր իրենց երիտասարդութեան դժուար ժամանակներուն մասին խօսիլ իրենց սիրելիներուն: «Անոնք կը հաւատային, որ իրենց պարտականութիւնը կատարած են եւ փափաք չունէին իրենց հերոսական արարքներով պարծենալու», կ՛ըսէ Իվ:
Ֆրանսական ծովուժի արխիւները աչքէ անցընելէ ետք Իվ ծանօթացաւ Սեպտեմբեր 1915ին Մուսա լերան վրայ պաշարուած հայերու փրկութեան մէջ ֆրանսական ծովուժի դերակատարութեան: Ան նաեւ յայտնաբերեց, որ իր մեծ հայրը՝ Էօժենը պրըթոն այլ նաւաստիներու կողքին մասնակցած է այդ հերոսական գործողութեան:
Էօժեն Քերնալկեն ծնած է 26 Մարտ 1894ին, Պրըթայնի Տուարնենէ ձկնորսական նաւահանգիստին մէջ: Անոր ընտանիքի անդամ բոլոր այր մարդիկը սերունդերէ ի վեր կա՛մ նաւաստի էին, կա՛մ ձկնորս, եւ իր կեանքը անքակտելի կերպով կապուած էր ծովուն: Ան Համաշխարհային Ա. պատերազմին սկիզբը զինուորագրուեցաւ ֆրանսական ծովուժին մէջ: Մարտանաւին վրայ ան պարաններով կը զբաղէր, եւ երբ նաւը նաւահանգիստ մը հասնէր, իր մասնագիտութիւնը մեծապէս կը ծառայէր նաւը խարսխելուն:
Փետրուար 1915ին Ֆրանսան իր մարտանաւերը ուղարկեց Միջերկրական, Օսմանեան կայսրութեան ծովափին մօտ: Ֆրանսական ծովուժի 3րդ տորմիղը կը շրջէր Սուրիոյ ծովեզերքին մօտ՝ օսմանեան նաւահանգիստներու մուտքը փակելու եւ մատակարարումները արգելակելու համար: Երիտասարդ նաւաստի Էօժեն Քերնալկեն կը ծառայէր այդ տորմիղին մաս կազմող «Տ՛Էսթրէ» յածանաւին վրայ:
8 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 6:30ին «Կիշեն» մարտանաւի պահակները նշմարեցին Մուսա տաղը պաշտպանողները, որոնք լերան վրայէն դրօշներ կը ծածանէին: Հայ հրամանատար Փիեռ Տամլաքեան «Տըսէ» մարտանաւ բարձրացաւ, իր հետ օգնութեան խնդրանք պարունակող նամակով մը: Այս հայկական ամրոցը պաշտպանողներուն փամփուշտները հատած էին, եւ այլեւս անկարող էին թրքական յարձակումները ետ մղելու:
Հեռագիր մը յղուեցաւ ծովակալ Տարթիժ տիւ Ֆուռնէին, ով դէպքին վայր հասաւ մէկ այլ մարտանաւի՝ «Ժան տ՛Արք»ի վրայ, եւ սպայից ժողով մը հրաւիրուեցաւ:
Ցամաքահանման ուժ մը ուղարկուեցաւ ծովափին ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ հայ քաղաքայիններու հետ կապ հաստատելու համար:
Փրկարար գործողութիւնը սկսաւ 10 Սեպտեմբերին: «Կիշեն» եւ «Տ՛Էսթրէ» յածանաւերը, «Ամիրալ Շարնէ» եւ «Տըսէ» մարտանաւերը, ինչպէս նաեւ օժանդակ յածանաւ «Ֆուտր»ը նաւարկեցին դէպի ծովափ, առնելով կիները, մանուկները, տարեցներն ու մարտիկները, որոնք ցամաքէն դէպի մարտանաւեր նաւարկեցին ձեռակերտ լաստերով:
Էօժեն մաս կը կազմէր ցամաքահանում կատարած ուժին եւ 16 ժամ շարունակ մատակարարումներ կատարեց եւ տարհանման մասնակցեցաւ՝ գաղթականները փոքր նաւերով ցամաքէն մարտանաւեր փոխադրելով:
«Տ՛Էսթրէ»ն եւ «Ֆուտր»ը, որոնք 12 Սեպտեմբերի առաւօտեան մօտեցան Մուսա տաղին, առաջինն էին, որոնք ծովափէն հեռացան: Անոնք 48 ժամ ետք հասան Փոր Սայիտ:
Ծովակալ Տարիոյի հասցէագրուած 22 Սեպտեմբեր 1915 թուակիր նամակին մէջ «Տ՛Էսթրէ»ի հրամանատար Ժուրտան տը լա Փասատիէ խնդրեց պարգեւատրել 10 նաւաստիներ, որոնց շարքին էր Էօժեն Քերնալկեն, «որ մեծ ջանք թափեց եւ մեծ նուիրում ցուցաբերեց գաղթականներու նաւ բարձրացնելու հոլովոյթին մէջ»:
Էօժեն մեծ բան չնկատեց այս ձեռքբերումը: Ան պատերազմէն ետք հեռացաւ զինուորական ծառայութենէն եւ վերադարձաւ Տուարնենէի մէջ իր ձկնորսի կեանքին: Ան իր կեանքի մնացեալ տարիներուն անդադար աշխատեցաւ, յաճախ հազարաւոր մղոններ՝ մինչեւ Մօրիթանիոյ ծովեզերք նաւարկեց ձուկ բռնելու համար:
Էօժեն Քերնալկեն մահացաւ 24 Ապրիլ 1956ին: «Մեծ հօրս չծանօթացայ, սակայն մեծապէս հպարտացայ, երբ իմացայ այն, ինչը կատարած է 1915ին», կ՛ըսէ Իվ Քերնալկեն։
auroraprize.com
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Drs. Chris & Laurie Chalian
Saro, Ari & Armen
In loving memory of our father & grandfather
Genocide survivor Joseph Manjikian
Harut & Sona, Shant & Raffi Hamassian
Dr. Armen & Mrs. Azniv
Geonjian & Family
Տոքթ. Վարդան Թաշճեան
Vartan & Sonia Fundukian
Armenian Evangelical Union of North America