Հ. ԾՈՒԼԻԿԵԱՆ
Որքան ուսումնասիրենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այնքան նոր փաստեր ու ապացոյցներ կը յայտնաբերենք: Աւստրալիական հրատարակչատուն մը վերջերս լոյս ընծայեց «Հայաստանը, Աւստրալիան եւ Մեծ Պատերազմը» (Armenia, Australia and the Great War) 324 էջնոց հատորը, որ անհերքելի ապացոյցներ կը պարունակէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Ապացոյցները ականատեսներու վկայութիւններ են, իսկ ականատեսները՝ Կալիփոլիի ճակատամարտի աւստրալիացի եւ այլ դաշնակից պետութիւններու ռազմագերիները: Անոնցմէ ոմանք թուրքերու ձեռքը անցած սուզանաւերու նաւաստիներն ու աշխատակազմի անդամներն են: Ուրիշներ՝ Քութ էլ Ամարայի (ներկայիս՝ Իրաքի սահման) պաշարման ժամանակ (1915 թուական) գերի ինկած զինուորներ: Անոնք, իրենց իսկ խօսքերով, «պատերազմի մեծագոյն յանցագործութեան»՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, ականատես եղած են, դէպի Անատոլիի բանտերը առաջնորդող իրենց մահուան ճանապարհին:
Փաստօրէն, մինչ թուրքերը կը տարագրէին հայերը իրենց պատմական հայրենիքէն դէպի սուրիական անապատները, «ANZAC» (Աւստրալիա-Նիւ Զելանտա) դրօշին ներքոյ կռուող զինուորներն ալ այդ վայրերէն կը քշէին դէպի Անատոլիա, ուր բանտերէն բացի, ըստ այդ գիրքին՝ զանոնք կալանքի տակ կը պահէին նաեւ հայերու լքուած շինութիւններուն մէջ:
Անգորա (ներկայիս Անգարա) ուղարկուած աւստրալիական 14րդ գումարտակի տեղակալ Լեսլի Լուսկոմբը, զոր օրինակ, ճանապարհին տեսած է «տխուր ու վհատեցնող տեսարան՝ գնացքի կայարաններէն մէկուն մէջ, ուր հայ կիներն ու երեխաները իրարու գլխի հաւաքուած, զգալի զանգուած, զինուած թուրք զինուորներու մտրակներու հարուածներու տակ՝ կը խցկուէին անասուններ տեղափոխող բեռնատար գնացքներու մէջ, որոնք զիրենք պիտի տանէին դէպի համակեդրոնացման ճամբարներ: Հայ վանականներն ու բոլոր տղամարդիկը, վստահաբար, թուրքերը անկէ առաջ արդէն ոչնչացուցած էին»:
Լուսկոմբի մօտիկ ընկերներէն տասնապետ Ճորճ Քեր, զոր ուղարկած էին Տաւրոսի լեռներուն մէջ գերմանական անաւարտ երկաթագիծին վրայ հարկադիր աշխատանք կատարելու, իր գաղտնի օրագիրին մէջ արձանագրած է, որ տեսած է հայ եւ յոյն «60 թշուառական էակներ»: Միւս կողմէ, աւստրալիական օդային ջոկատի հրամանատար Թովմաս Ուայթ, թուրք պահակախումբի հսկողութեան տակ Մուսուլ հասնելով՝ ականատես եղած է «կտոր մը հաց հայցող սովալլուկ հայ կիներու», իսկ «Թել Արման» լքուած հայկական բնակատեղին հասնելով, թէեւ քանի մը հայ կիներու եւ երեխաներու հանդիպեր է, սակայն՝ ո՛չ տղամարդոց: Փոքրիկ բլուր մը բարձրանալով, ան տեսած է «36 նոր գերեզմաններ, ուր անկասկած թաղուած էին այդ շրջանի տղամարդիկ»:
«Սարսափած էի թուրքերու ձեռքի աշխատանքէն», գրեր է ան՝ յետագային աւելցնելով. «Ծրագրաւորուած կոտորածները տեղի ունեցած էին միաժամանակ երկրի ողջ տարածքին»:
Այդ ժամանակ, թուրքերը Ռաս ուլ Այն աւանի հայ բնակիչները կը տեղահանէին եւ կը պարտադրէին անոնց անցնիլ մահուան ճանապարհը դէպի Տէր Զօր: Ուայթ տեսած է, թէ ինչպէ՛ս զիրենք կը խմբաւորեն որպէս նախիր՝ սպանդանոց ուղարկելու համար: Գնացքով դէպի Աֆիոն ճանապարհորդելէ ետք, թուրքերը զինք եւ իր ընկերները տեղաւորած են հայկական եկեղեցւոյ մը մէջ, ուրկէ դուրս հանած էին պատսպարուած հայերը: «Տղամարդոց սպաննած էին նախ, անոնց գոյքը բռնագրաւած, իսկ այժմ կիներն ու երեխաները կ՛ուղարկէին դէպի իրենց անվերադարձ վախճանը», գրած է ան յետագային: Ան նկարագրած է նաեւ զանգուածային գերեզմանները, ուր «թաղուածներուն թիւը այնքա՛ն շատ եղած է, որ անոնց մարմիններու ոսկորները դուրս կը ցցուէին հողին տակէն»:
Ընդհանուր առմամբ, Քութ էլ Ամարայի մէջ թուրքերուն յանձնուած բրիտանացի ռազմագերիներուն 70 եւ հնդիկներուն 30 տոկոսը մահացած են գերութեան մէջ: Քութէն դէպի Անատոլիա 200 քլմ. երկարութեամբ իրենց մահուան ճանապարհին, անոնք գիւղական տան մը յետնամասին տեսած են ջրհոր մը, որուն մէջ նետուած են՝ «խեղուած հայ կիներու եւ երեխաներու մարմինները»:
Մինչեւ 1916ի Սեպտեմբեր, դաշնակիցներու մահացած ռազմագերիները թաղած են Աֆիոնի հայկական գերեզմանատան մէջ: «Եոզկատի մէջ ռազմագերիները կը տեղաւորէին լքուած հայկական տուներու մէջ», գրած է հրամանատար Քենեթ Եըրսլին:
Նման հազարաւոր վկայութիւններ տեղ գտած են վերոնշեալ հատորին մէջ, որուն հեղինակներն են Վիգէն Բաբգէնեանն ու Փիթըր Սթանլին, որոնք հետազօտական լուրջ եւ երկարատեւ աշխատանք կատարած են աւստրալիական արխիւներու մէջ:
Յատկանշական է, որ գիրքին ականատեսները օտարազգի զինուորականներ են, որոնք ոչ մէկ շահ ունենալով պաշտպանելու մէջ Հայ Դատը՝ պարզապէս մարդկային նկատառումներով եւ յանուն արդարութեան կատարած են իրենց գրառումները, որոնց դէմ թուրքերը, որոնց կարգին նաեւ նախագահ Էրտողան, հազիւ թէ կարենան հերքող փաստարկներ բերել, եւ որոնց լաւագոյն յանկերգը անընդհատ կրկնելն է, թէ՝ «պատերազմ էր, եւ երկու կողմերը կորուստներ ունեցան»։
Յատկանշական է նաեւ այն փաստը, որ անցեալ տարի, փորձելով նսեմացնել Եղեռնի հարիւրամեայ տարելիցի միջոցառումներու նշանակութիւնը՝ Էրտողան Կալիփոլիի 100ամեակի տօնակատարութիւնները տեղափոխեց Ապրիլ ամիս, սակայն այդ մէկը չփրկեց զինք, քանի որ նոյն այդ Կալիփոլիի ռազմագերիներու (որո՞ւն միտքով կ՛անցնէր) գրառումները այժմ կը պայթին անոր գլխուն:
Ճիշդ է, որ Թուրքիան ներկայիս խիստ զբաղած է աշխարհի վրայ իր հեղինակութիւնը վերականգնելու անյետաձգելի պարտականութեամբ, սակայն լաւ կ՛ըլլայ, եթէ «Սուլթան» յորջորջուած նախագահ Էրտողանը ժամանակ գտնէ եւ ծանօթանայ այս նոր գիրքի բովանդակութեան։
«Ազգ»
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Սարգիս
Եւ Էլիզապէթ
Թաթիկեան
—————————
Always remembering
the fallen and
appreciating
the Armenian heritage
which continues
to burn bright.
Sen. Anthony J. Portantino
25th Senate District
————————————
ԵՓՐԵՄ
ԵՒ
ՎԱՐՍԵՆԻԿ
ՊԱՂՊՈՒՏԱՐԵԱՆ
————————————-
Haig & Argine Kelegian
& Family
———————————
Crescenta Valley
ARF Zavarian
AYF Zartonk Chapter
AYF Karekin Njdeh
ARS Talin
Homenetmen Shant
Armenian National Committee
Armenian American Council on Aging
—————————————