ԾՈՎԻՆԱՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Հայութեան վերջին բեկորներու առաջին հանգրուան, Սեպիլ. պարզ ու անպաճոյճ քաղաք. հազարաւոր տարիներու պատմամշակութային արժէքներ, երբեմն գիւղաքաղաքի հետ շփոթուած քաղաքակրթութեան կաճառ: Վեց եւ …տարիներու աւերն ու քանդումը քաղաքը վերածած են կենդանի գերեզմանի:
Հայուն երբեմնի երկրորդ հայրենիք, երբ մանաւա՛նդ հայրենիքի շուրջ քաշուած սովետական երկաթէ վարագոյրէն ներս կարելի չէր թափանցել, իսկ թափանցողներէն շատեր ճակատագիրին քմահաճոյքին զոհ գացած էին հեռաւոր Սիպերիոյ սառցակոյտերուն եւ տափաստաններուն մէջ:
Մայրս կը պատմէր, որ առաջին ներգաղթին՝ 1946ին, իրենց բոլոր ունեցուածքը վաճառելէ ետք, մետասաներորդ ժամուն, մեծ հայրս միտքը փոխած ու ետ դարձած էր ներգաղթի որոշումէն:
Հալէպը իր քաշողականութիւնը ունէր, իր տեղական գոյնով, Զէյթուն խանով եւ Կիւրինցիներու քէմփով. Աճուր Թառլան ու Նոր Գիւղը հայաւաններ էին: Նոր Գիւղը՝ փոքրիկ Հայաստան մը, իր երեք եկեղեցիներով՝ Ս. Գէորգ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Զուարթնոց, երեք Ազգային նախակրթարաններով՝ Սահակեան, Զաւարեան, Մեսրոպեան եւ Քարէն Եփփէ Ազգային երկրորդական ճեմարանով, աւելի ուշ՝ Հայկազեանի մանկապարտէզով:

Ալ ինչպէ՞ս պատկերացնել այդ փոքրիկ քաղաքի հայութեամբ բաբախուն ներքին հզօր մեքանիզմը: Մեծ քաղաքի խաբկանքը առթող իր բոլոր ձգտումները կու տար յատուկ շեշտ մը Սուրիոյ գաղթօճախներէն յատկապէս այս մէկուն, որ, հակառակ տիրող քիչ մը ճնշիչ պայմաններուն, իսկապէս դարձած էր հայակերտումի հնոց մը:
Մամուլին հետեւելով կ՛իմանանք բնակիչներուն կրած անդարմանելի կորուստներուն ու տնանկութեան մասին, բայց Հալէպի տակաւ առ տակաւ քանդումին մասին դեռ կը զգուշանան վկայելու բոլորն ալ, այն յոյսով, որ ամէն ինչ պիտի վերակենդանանայ ու կեանքը բնականոն հունին դառնայ: Շատեր կը փորձեն արիանալ, ի վերջոյ լաւատեսութեամբ եւ վերանորոգ ճիգով մը տակաւին պիտի դիմանան:
Վերջերս կարդացի, թէ Համազգայինի իմ հին ընկերը՝ ուսուցիչ եւ մտաւորական Լեւոն Շառոյեան, յանդգնութիւնն ունեցած էր աշակերտները առաջնորդելու Ազգային գերեզմանատուն, այցելելու Յակոբ Օշականի շիրիմը: Բի՜ւր յարգանք ու պատիւ հայ ուսուցիչին, որ նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ գիտէ այդ երախտիքի զգացումը ներշնչել իր աշակերտներուն՝ հանդէպ մեծ Վարպետին: Օշական ութ անգամ յաջողած էր թուրք ոստիկանութեան ձեռքէն դուրս սողոսկիլ, ձեղնայարկերը իրեն բնակավայր դարձնելով, սակայն չէր կրցած սրտի տագնապը կասեցնել, իր հայրենակիցներուն հետ շրջապատուած, անապատի անողոք աւազներուն մէջ աճիւններու յաճախանքէն կաթուածահար:
Նման տագնապէ հազիւ փրկուած էր հայրենի բանաստեղծ Վահագն Դաւթեան, որ անապատն ու Եփրատը բաց աչքերով տեսնելէ ետք ծնունդ տուած էր «Ռեքվիեմ»ին:
Այսպէս կու գային բոլորը, Սփիւռքի թէ հայրենի արուեստագէտները, գրողը, երգիչն ու ասմունքողը, որոնց ելոյթները մեր հայրենակարօտ հոգիները կը թաթաւէին յուզմունքով, հայրենիքէն քայլ մը ասդին, բայց անհասանելի թուացող անձկութեամբ:

Հին պարիսպներուդ, բերդաքաղաքիդ, կիսաքանդ եկեղեցիներուդ ու մոխրացած սրբապատկերներուդ եւ «Ներսի Շուկայի» հրկիզուած պատկերներդ աշխարհով մէկ կը տարածուին, հոգեմաշ ընելով զաւակներդ: Դո՛ւն, հայ ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ բիւր հազար երախտիքի արժանի երկրորդ ու հարազատ հայրենիք: Մեզմէ շատ-շատերուն ծննդավայրն ու շատ մը սիրելիներու գերեզմաննոցն ես: Հո՛ն են մեր ծնողներու շիրիմները, անոր համար ուխտավայր ու սրբատեղի ես, ինչպէս չկոտտանք ու չողբանք մենք:
Հարիւր երկու տարի եւ հազարաւոր տարիներ կշռող նուաճում եւ հայահունչ արարում: Հայկական կեդրոններու յարաճուն աճ, ազգային հաւաքական կեանքի մանր խճանկար: Դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, ընտանեկան պարտէզներ, ազգային շէնքեր եւ այլ գաղութներու համար երազ թուացող ամէնօրեայ մշակութային գործունէութիւն ու մտաւորական շարժում: Արեւմտահայ գրականութեան անդաստանը հարստացնող նորագոյն երկնումներու հրճուալի երեւոյթ: Հրատարակութիւն, մամուլ, ու խոստմնալից ապագայ:
Քաղաքը ունէր իր եռեւեփող կեանքը, ցերեկը աւելի խաղաղ ու կեանքը իր զենիթին հասցնող գիշերամուտը, երբ հայկական կեդրոններն ու խնճոյքի յարակից սրահները կը տրոփէին հալէպահայերու շէնշող ներկայութեամբ ու զուարթութեամբ: Ուրախութիւն սփռող եւ սիրող Հալէպցին, պատերազմի նախօրեակին հասած էր իր իսկ նուաճած, բարօր կեանքի բարձրակէտին:
Իրա՛ւ է, որ ժողովրդական իմաստութիւնը չի սխալիր. «Կորսնցնելէ ետք միայն արժէքը կը գիտնաս»: Կեանքը հնարաւորինս վայելելու բոլոր հանգիստ պայմանները առկայ՝ աշխատանք, սէր, ընկերութիւն, հարազատութիւն, ու ամէնէն կարեւորը այն ազգատիպ կերպարին կերտումը, որ գիտէր հայրենասիրական ոգիով մօտենալ իր ազգային արժէքներուն՝ եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, առաջնորդարան, ու յանուն հայապահպանման՝ տենդոտ գործունէութիւն: Այնտեղ հայ մնալը առօրեայ մաքառում չէր պահանջեր, իսկ նոր սերունդին մօտ արաբանալու մարմաջ չկար, ինչպէս է իրողութիւնը տեղական մշակոյթներէն ազդուելու Եւրոպայի կամ Ամերիկեան զանազան ոստաններէն ներս:

Հիմա զաւակներէդ շատեր ակամայ լքած են քեզ, Հալէ՛պ, մազապուրծ փախչած մահուան արհաւիրքէն: Ետին ձգած են ամբողջ վաստակ մը, արդար աշխատանքով ու ճակտի քրտինքով երկնուած: «Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քու ճակատիդ» ու քանի՜ անգամ պիտի վկայակոչուի Սիամանթոյի այս խօսքը, քանի՞ անգամ պիտի տեղաշարժուի հայու այն տեսակը, որ ճակատագիրով դատապարտուած է, Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք, իր նոր կառուցածը լքելու, նոր գաղթօճախներ ցրիւ գալու եւ նորը կերտելու վերանորոգ ճիգով ու կամքով:
Աղէտը, այսուհետեւ 1915ը չէ միայն: Այս մէկը ապրուող աղէտ է: 21րդ դարու աղճատում, սպանդ, աւեր ու մաքրագործում՝ Թուրքին հեռակայ ծրագիրներու բացայայտ իրագործում, կանխումի անզօրութիւն ու դիտապաստ անկում:
Սպանդանոցի ճամբուն վրայ Գրիգոր Զոհրապ «Հոթել Պարոն» տարուած էր, Հալէպը անոր ալ վերջին կայանն էր:
Մեծ Եղեռնէն ճողոպրածներէն Անդրանիկ Ծառուկեան, Մուշեղ Իշխան կամ Վազգէն Շուշանեան, բազմահարիւր որբերու հետ ապաստան գտած էին Հալէպի որբանոցներուն մէջ: Շուշանեան իր կեցութեան կարճ միջոցին, մանր-մունր գործերու աշկերտութիւն ըրած էր, կորսնցուցած ընտանիք, հարազատ ու բարեկամ: Որբութիւնը աղճատած էր իր հոգին ու ներաշխարհը, ապա հայրենիք՝ որբերու հետ, աւելի ուշ՝ Փարիզ, ու կեանք մը ամբողջ որբութիւնը ցմրուր ըմպած չարչրկուած էութիւն:
Ծառուկեանի «Երազային Հալէպը» եւ «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ը որբ սերունդի սրտակեղէք պատմութիւնը կ՛եղերերգեն, աշխարհը Հալէպն է կարծէք՝ կայարան, որբանոց, այրիանոց, ու փրկարար ձեռքեր, ինչպէս 27 տարեկան Դանիացի Քարէն Եփփէն, որ հայ որբուկներու փրկարար հրեշտակն ու «մաման» դարձաւ ու այնքան սիրեց որբերը, որ յանուն իրենց հայացաւ, հայերէն խօսելով ու գրել-կարդալ սորվելով: Իր ամբողջ ունեցուածքը կտակելով հայութեան, երջանկայիշատակ Զարեհ վեհափառին հետ կրցաւ հիմնել Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը. ապագայատեսիլ իրագործում մը, որ դարձաւ հազարաւորներու միտքի դարբնոցը, պատուաբեր սերունդներու օրրանն ու ցարդ ապրող ու ապրեցնող յոյսն ու երազը բոլորին: Ի՛ պատիւ հրեշտակատիպ միսիոնարուհիին՝ հալէպահայութիւնը երբեք երախտամոռ չեղաւ ու նոյնիսկ իր կիսանդրին տեղադրեց ճեմարանի շրջափակէն ներս, մինչ իր փափաքով անշունչ մարմինը հանգչեցուց Հալէպի ազգային գերեզմանատան մէջ:
Վերընձիւղման եւ վերապրումի բնօրրան Հալէպը համրացած է այսօր: Առօրեայ գոյութիւն պահելու պայքար, խաւար, երաշտ, ցուրտ, տագնապ եւ մասամբ նորին: Այստեղ հայու այն տեսակն էր, որ ազգային աղէտները դիմակալելու կուրծք կը ցցէր, անվարան օգնութեան ձեռք երկարելով: Վկա՛յ Լիբանանի պատերազմի օրերուն հալէպցիին սրտբաց ընդունելութիւնը, վկա՛յ թրքացման վտանգին ենթակայ մեծաթիւ Թուրքիայէն Հալէպ իջեւանած սասունցի հայերը, որոնք ի վերջոյ հայրենիք փոխադրուեցան եւ որոնց կրկին նեցուկ կանգնեցաւ հալէպահայութիւնը:

1988ի երկրաշարժի օրերուն, մէ՛կ մարդու նման ոտքի կանգնելու եւ հայրենիքին հասնելու նուիրահաւաքներն ու առատաբաշխ նուիրումը: Ու տակաւին անպատմելի խրախուսանքներ ու բազում սխրանքներ:
Աղէտը… Օշական իր «Մնացորդաց»ին մէջ բազում անգամ ԱՂԷՏին անդրադարձաւ ու վերլուծեց անոր հետեւանքները: Հայկական աւանդութեան եւ ներքին ընտանեկան ապրելակերպին բնութագրումը ընելով արուեստին ու վէպին ընդմէջէն: Զապէլ Եսայեան Ատանայի ջարդէն ետք իր ականատեսի վկայութիւններով ծնունդ տուաւ իր «Աւերակներուն Մէջ» գլուխ գործոցին: Թոյլ տուէք հարց տալ՝ ո՜վ պիտի գրէ այնպիսի վէպ մը, ուր տրուի կորուստին ահաւորութիւնը: Լսուեցան արձագանագներ, առօրեայ բեկբեկումներ, սրտապատառ ընելով մեզ հեռուէն: Բայց հոն կայ փլուզուած ու տարտղնուած հարստութիւններու ներքին աշխարհ մը: Շատերը բերուած՝ նախճիրին հետ… սրբութիւններ, մատեաններ, գրադարաններ, եկեղեցական թանգարան, գեղօրներ, հարազատ յիշողութիւններ, տուն-դարձի ու սիրոյ հովուերգութիւններ: Տակաւին արեւելքը կը սրսփար այնտեղ իր հրաշագեղ ներկայութեամբ: Դեռ մարդկութիւնը իր հոգին կը լուար ասպանդական քաղաքին գոլորշիով: Հացը տակաւին օրհնանքով կը բաշխուէր ու ժամանակը չէր ոտնահարած կարգ մը մարդկային արժէքներ՝ կրօնական հաւատք, հիւրասիրութիւն, բարեկամութիւն, բարի դրացնութիւն, յարգանք, մէկ խօսքով մարդկութիւն: Մարդիկ կը հաւատային, որ Հալէպի հողը բերրի է, իսկ պտուղը Արտամետի խնձորին նման ունէր իր ուրոյն համն ու հոտը:
Պատահեցաւ ամէնէն աներեւակայելին: Ո՛չ թէ պարզ զէնքերով, այլ հզօրագոյն՝ 21րդ դարու ամէնէն արդիական ռումբերով ու մարտկոցներով խողխողեցին զիրար: Արդիւնք՝ հարիւր հազարաւոր գարուն կեանքեր շիջեցան, յաւիտեան սուգի մատնելով որդեկորոյսն ու այրին, միայնակն ու անկարը:
Աղէտը… հարիւր երկու տարուան հեռաւորութեամբ, աղէտը:
Տէր Զօրի յուշահամալիրը առանձին, իր մէջ կը կրէր բովանդակ ազգի մը մնացորդացին հետքերը. աճիւններ, գանկեր, յիշատակի ծուէններ ու գեղօրներ, գրականութիւն, պատմութիւն ու փաստագրութիւններ, թալանուած տուներու թափուներ եւ Հալէպի կառավարիչին ղրկուած Թալէաթի ստորագրութեամբ հեռագիրներու եւ հրամանագիրներու պատճէններ… ու անծիր ու անծայր անապատ: Աւազները վկաներն են եղեռնագործութեան ու կը կրեն շունչը մեռելներուն, իսկ քարայրները՝ հաւաքական գերեզմաններն են «Սեֆէր Պելլիք»էն հասած խլեակներուն:
Հարիւր երկու տարի ու կրկին աւեր: Տէր Զօրի յուշահամալիրի ու խաչքարերու հիմնայատակ կործանում… պատմութեան ոլորապտոյտը ցոյց կու տայ կրկնութիւնը անցեալի դէպքերուն: Քրիստոնեաներու սպառնացող վտանգ եւ հրէշատիպ վարձկան զինեալներու մահասփիւռ ներկայութիւն:
Այսօր առիւծասիրտ հալէպահայը տակաւին կը դիմանայ: Ո՛չ մէկ ծիածան կ՛երեւայ հորիզոնին վրայ, բայց հարիւր երկու տարի առաջ հետիոտն հասած, ինքնութեան թուղթ չունեցող հայը, կրցած էր ո՛չ միայն իր ինքնութիւնը փաստագրել, այլ բարգաւաճիլ շնորհիւ հմուտ ու անխոնջ մեր հայրերու առնական ու կոշտացած ձեռքերուն, որոնք հացը՝ երկաթի, տախտակի, կաշիի, մուրճի ու գամի հետ մաքառումով ձեռք բերին: Համեստ հիւղաւաններէ ետք, գեղեցիկ շէնքեր եւ առանձնատուներ կերտեցին, պատուաբեր ու արժանավայել կեանք ապրեցան, հեղինակութիւն վայելելով ու վստահութիւնը շահելով միջազգային մակարդակ կտրած շուկային ու պետական շրջանակներուն:
Այսօ՛ր, աշխարհի նայուածքէն հեռու, բայց աշխարհ մը հայութիւն քեզմով կը շնչէ, Հալէպ: Մին՝ իր մանկութեան ու արեան յիշողութեամբ, ուրիշ մը 61ի դէպքերու յիշատակումով: Շատեր՝ իրենց միութենական կեանքի դարբնոցին պարտելով իրենց կազմաւորումն ու հոգեկան ու ազգային դաստիարակութիւնը: Ոմանք կը յիշատակեն նշանաւոր ազգային գործիչներու ու տնօրէններու անուններ, Տասնապետեան, Թէօլէլեան, Փամպուքեան, Հրաչ Փափազեան, որոնք Հալէպէն անցան եւ իրենց կնիքը դրին այնտեղ: Թէեւ կեանքի թաւալումին հետ շատ բան շիջեցաւ, բայց Հալէպը մնաց ու կը մնայ այն պսպղուն աստղը, որ տակաւին կը հասցնէ մայրենիին տիրապետող ու պաշտպան սերունդ մը, որ կրնայ հայերէնաւանդ ուսուցիչներ հասցնել այս եւ նման ստուարաթիւ հայահոծ գաղութներու, ու հայակերտումի քաղցր պարտականութիւնը իր ուսերուն կրող մեծաթիւ ճեմարանական ուսուցիչներ: Այն ճեմարանին, որ հիմնուեցաւ Քարէն Եփփէի կողմէ, եօթանասուն տարի առաջ, թօթափելու աղէտին հետեւանքները, երջանկայիշատակ Զարեհ վեհափառի խօսքերով. «Կ՛ուզեմ կերտել վաղուան հայը, որ գիտակից իր կոչումին՝ դառնայ ազգին ապագան ու տէր կանգնի իր պատմական իրաւունքներուն»:
Ամէն հարիւր տարի, այսպէս պիտի վերածնի ու նորոգուի այն իսկատիպ հալէպահայը, որ օժտուած է յառնումի ու վերանորոգումի ընդոծին բնազդով ու կարողականութեամբ, ու հարիւր-հարիւր տարիներ…
Հալէպահայը՝ պիտի՛ ապրի:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Գասպարեան եւ Աղճայեան Ընտանիքներ
JM’S CIGARS
WWW.JMTOBACCO.COM