ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
1895-1896 թուականներուն, սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ., հարիւրաւոր հազարներով հայեր ջարդեց: 1915-1918 «Իթթիհատ վէ Թերաքի» կուսակցութեան երեք ղեկավաները՝ Թալէաթ, Էնվեր եւ Ճեմալ, կազմակերպեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ շարունակուեցաւ Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ մինչեւ 1923: Այդ ընթացքին, մէկուկէս միլիոն անմեղ հայեր նահատակուեցան: Աթաթուրք գրաւեց հայերուն լքուած կալուածները, իսկ իր հետեւորդը՝ Իսմեթ Ինենօ, 1942-1944 տարինեուն, Կալուածներու նոր հարկի օրէնքով (Varlik Vergisi) կողոպտեց Թուրքիոյ մէջ մնացած հայերը։ Այնուհետեւ, յաճախ նոր օրէնքներ որդեգրուեցան Թուրքիոյ մէջ՝ հայկական լքուած սեփականութիւնները գրաւելու նպատակաւ, իսկ 2001ին, մէկ այլ օրէնքով մը, Թուրքիոյ մէջ բոլոր հայկական չյափշտակուած հարստութիւնները բռնագրաւուեցան:
Միւս կողմէ, հայերը անդադար աշխատեցան Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: 1965ին, բողոքի քայլարշաւներ տեղի ունեցան զանազան երկիրներու մէջ: Անոնցմէ ամենամեծը կատարուեցան Երեւանի մէջ: Այդ ժամանակ, Ծիծեռնակաբերդի բլուրին վրայ կառուցուեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը: Թուրք ժողովուրդը եւ պետութիւնը ցնցուեցան. մինչ այդ, հասարակ թուրքը միշտ մութի մէջ էր: Ան ինչպէ՞ս պիտի կարենար իր իսկական պատմութենէն տեղեակ ըլլալ, երբ Աթաթուրք լատինական տառերը որդեգրած էր, այդ նոր տառերով իր ձեւաւորած պատմութիւնը գրած ու անով դաստիարակած էր նոր սերունդը:
Սակայն, Թուրքիոյ պետութեան համար այդ բոլորը ժամանակաւոր աղմուկ էին, զոր կարելի էր զսպել… օտար պետութիւններուն համար՝ առժամեայ հետաքրքրական նիւթ մը. իսկ հայերուս համար, այդ ժամանակ շատ յաջող, յուսալից եւ խոստմնալից գործողութիւններ էին անոնք, որոնք տարիներ ետք, սակայն, չյառաջացող քայլերու վերածուեցան:
1975-1990 թուականներուն, հայ ազգի հերոս երիտասարդներ զինուած պայքար մղեցին… թիրախը՝ թուրք դիւանագէտներ, հո՛ն, ուր թրքական շահեր կը հետապնդուէին. անոնք յաջողեցան որոշ չափով անդամալուծել Թուրքիոյ արտաքին դիւանագիտական աշխատանքները։ Թուրքիան տասնեակներով դիւանագէտներ կորսնցուց. մե՛նք եւս նահատակներ տուինք այդ գործողութիւններուն ընթացքին: Այդ հերոսներուն շարժումը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Թուրքիոյ եւ այլոց վրայ. անիկա զարթօնք մը ստեղծեց ժողովուրդներու խիղճերուն մէջ: Այդ փոթորկալի տարիներուն յաջորդեցին անզէն մտաւորական աշխատանքներ:
Թուրքիոյ մէջ, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Հրանդ Տինք յայտնի դարձաւ իր անվախ ելոյթներով եւ համարձակ յօդուածներով. Թուրքիոյ մէջ ան եղաւ առաջին հայ գրողներէն մէկը, որ կը գրէ Ցեղասպանութեան մասին։ Տինք յաջողեցաւ իր շուրջ կազմել թուրք մտաւորականներու մեծ շրջանակ մը, բայց՝ սպաննուեցաւ 2007ին: Իր յուղարկաւորութեան ներկայ եղաւ 100,000 մարդ. «Բոլո՛րս հայեր ենք, բոլո՛րս Հրանդ Տինք ենք», կը գոռային ոչ-հայ յուղարկաւորները:
Հրանդ Տինքի մահով, ճիշդ է, որ մենք հորոս մը կորսնցուցինք, սակայն մեր մխիթարանքը եղաւ այն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը նոր հանգրուանի մը հասաւ: Այսօր, ուրի՛շ հերոս մը՝ Կարօ Փայլան, ջահակիրն է այդ անզէն պայքարին։
2005ին, առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ «Պիլկի» (Bilgi) համալսարանին կազմակերպութեամբ, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ համաժողով մը՝ «Օսմանեան հայերը, կայսրութեան փլուզման ընթացքին» թեմայով. մինչ այս, հայերու զանգուածային սպանութիւններուն մասին խօսիլը բացարձակապէս արգիլուծ էր Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ՝ «ցեղասպանութիւն» բառը յիշելը. պետութիւնը երկու անգամ արգիլեց այդ համաժողովին կայացումը, իսկ երբ Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) միջամտեց, Էրտողան ինքն էր, որ զայն արտօնեց, որովհետեւ քանի մը օրեր ետք միայն բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենային ԵՄի հետ՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան գծով:
2008ին, թիւով 200 թուրք մտաւորականներ, համացանցային ստորագրութիւններու հաւաք մը կազմակերպեցին՝ հայ ժողովուրդէն ներում խնդրելու 1915ին տեղի ունեցած կոտորածներուն համար (ցեղասպանութիւն բառը յիշելէն խուսափեցան)… մէկ ամսուան ընթացքին, ստորագրողներու թիւը 26,000ի հասաւ: Հրանդ Տինքի ընկերներն էին այդ արշաւը կազմակերպողները:
2010էն սկսեալ, ամէն տարի Ապրիլին, Հրանդ Տինքի ընկերներուն եւ այլ մտաւորականներու կողմէ, Պոլսոյ եւ քանի մը այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Անգարայի եւ Տիարպեքիրի, կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս տարի եւս (Ապրիլ 2017) պիտի կազմակերպուի նման հաւաք մը, սակայն Էրտողանի հետապնդումները՝ ազատ խօսքի եւ միտքի տէրերուն, ազատ մամուլին հանդէպ անոր տարած պայքարը, Քիւրտերու դէմ մղած պատերազմը եւ Յուլիս 15, 2016ի անյաջող պետական հարուածի հետեւանքները տարբեր մթնոլորտի մէջ պիտի դնեն զայն:
Էրտողան արագ վերելք արձանագրեց Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ. նախ՝ իբրեւ վարչապետ (2003-2014), ապա՝ իբրեւ նախագահ, իսկ այժմ կը փութայ մենատիրութեան: Հայոց Ցեղասպանութեան հետապնդումն ալ, իր կարգին, վերելք արձանագրեց Թուրքիոյ մէջ՝ նո՛յն շրջանին. այս մէկը զարմանալի չէ այնքա՛ն, որքան Թուրքիոյ թափած ճիգերը՝ անդամակցելու Եւրոմիութեան: Էրտողան, արեւմտեան շատ ղեկավարներու տեսակէտով, լաւ օրինակ մըն է միւս իսլամ երկիրներուն համար: Թուրքիա, մահմետական երկիր մը ըլլալով՝ կրցած է զարգանալ, աշխարհիկ սահմանադրութիւն ունենալ, իսկ ՆԱԹՕի անդամ ըլլալով՝ ձգտիլ Եւրոմիութեան անդամակցութեան։ Սակայն Էրտողան, մենատիրական եւ ծայրայեղ իսլամական սկզբունքներով տոգորուած՝ հակառակը ցոյց կու տայ. ան կը ցանկանայ եւ կ՛աշխատի վերականգնել Օսմանեան կայսրութեան դերը՝ իբրեւ առաջնորդ իսլամական երկիրներուն, միաժամանակ լռեցնելով որեւէ քննադատութիւն իրեն հասցէին: Ան ինքզինք կը համարէ իսլամ աշխարհի առաջնորդը, որ կը պայքարի անհաւատ խաչակիրներուն դէմ. բան մը, որ երբե՛ք չի համապատասխաներ եւրոպական մշակոյթին:
2015ին, Ցեղասպանութիւն 100ամեակին առիթով, Հռոմի պապը հայոց Մեծ Եղեռնը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցաւ, իսկ Եւրոպական խորհրդարանը կոչ ուղղեց Թուրքիոյ՝ նոյնը ընելու: Սակայն Էրտողան միշտ մերժած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ, միշտ ուրացած է եւ տակաւին կը շարունակէ նոյնը ընել։ Այնուամենայնիւ, այդ տարի ան իր ցաւակցութիւնը յայտնեց ջարդուած հայերու ընտանիքներուն՝ 100ամեակին առիթով. միաժամանակ, թուրք նախարար մը ներկայ գտնուեցաւ Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պատարագի մը, Պոլսոյ մէջ։ Ան փոխանցեց Էրտողանի խօսքը, որ կ՛ըսէր. «Մեր սիրտերը բաց են աշխարհի բոլոր օսմանցի հայերու շառաւիղներուն»։ Այդ եղաւ ամենահաշտարար մօտեցումը: Թէ որքանո՛վ սուտ, որքանո՛վ իրաւ՝ միայն հայը գիտէ:
Նոյն առիթով, սակայն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը ջանք չխնայեց փոխելու Կալիփոլիի (Gallipoli) ճակատամարտի տարեկան տօնակատարութեան թուականը Ապրիլ 24ի, խաչաձեւելու համար Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումը Հայաստանի մէջ:
2016ին, Էրտողանի կառավարութիւնը հսկայական գումարներ ծախսեց Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումին գծով՝ ամերիկեան New York Times, Wall Street Journal, Chicago Tribune, Philadelphia Inquirer եւ ուրիշ թերթերու մէջ ծանուցումներ յայտարարելով։ Ան արդէն իսկ տասնեակ տարիներէ ի վեր իր նպաստները կը բերէր օտարազգի ակադեմականներու, անոնց միտքերը մոլորեցնելու եւ խրախուսելու համար անոնց ժխտումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան: Այդ բոլորով հանդերձ, 2016ին, Գերմանիոյ խորհրդարանը քուէարկեց ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին, եւ իբրեւ հետեւանք՝ Թուրքիա ետ կանչեց այդ երկրի իր դեսպանը։ Ի դէպ, 2015ին նոյնը ըրած էր նաեւ Վատիկանի հետ, ապա՝ եղածը կուլ տուած:
Այդ առթիւ Էրտողան յայտարարեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը կը կիրառուի իբրեւ «շանթաժ» Թուրքիոյ դէմ, պնդելով, որ Անգարա «երբե՛ք» պիտի չընդունի նման մեղադրանքներ: Վերջերս ան յիշեց, թէ այդ հարցը իբրեւ ցուպ կը գործածուի Թուրքիոյ դէմ: Նոյն տարի, ան աշխարհին յայտարարեց. «Մեր վերաբերմունքը Հայկական Հարցին հանդէպ յստա՛կ է սկիզբէն: Մենք երբեք չենք ընդունիր Ցեղասպանութեան մեղադրանքները»: Ան քաջատեղեակ է, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը հսկայական հատուցումներու եւ տարածքային պահանջներու հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Ցեղասպանութեան ճանաչման զարգացումները ներկայիս տեղքայլի մէջ են: Թուրքիան սարսափի երկիրի մը վերածած է Էրտողան, եւ կը թուի, թէ այդպէս ալ պիտի շարունակուի մօտ ապագային: Թուրք մտաւորականներու կեանքը աւելի մեծ վտանգի ենթարկուած է, եւ շատեր արդէն իսկ երկրէն դուրս ապաստանած են։ Մեզի համար եւս, ներկայիս դժուար է Թուրքիա ապրող մտաւորականներու հետ մեր կապերը շարունակելը, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ անոնք Կիւլենի հետեւորդներ նկատուին։ Արդարեւ, Կիւլենի մարդոց ցանկը շատ երկար կը թուի ըլլալ։ Հրանդ Տինքի սպաննողները նոյնիսկ այդ ցանկին վրայ յայտնուեցան։ Եթէ յարմար ըլլար, Էրտողան նոյնիսկ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կիւլենին պիտի վերագրէր… Յամենայնդէպս, մեզի համար Էրտողան թէ Կիւլեն նո՛յնն է։ Ինչ կարելի է եզրակացնել այս անցուդարձերէն այն է, որ թուրքը չի կրնար «ո՛»չ ըսել Էրտողանի մենատիրութեան քաղաքականութեան, ուրեմն մենք ի՞նչ կրնանք ակնկալել Էրտողանէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով:
Մենք այլընտրանք չունինք. տեղքայլը մեզի համար չէ՛, ո՛չ ալ իրաւունք ունինք նահանջելու կամ տեղի տալու… Մենք պիտի շարունակենք մեր արդար պահանջը եւ աւելի արագ թափով պիտի աշխատինք, տոկանք ու համբերենք: Չէ՞ որ ուրիշներ 2000 տարի տոկացին… Ներկայիս որեւէ զինեալ պայքար անհնար կը թուի. ուրեմն, պէտք է դիւանագիտութեան աշխատանքները աշխուժացնել՝ ըլլայ պետական թէ Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններուն կողմէ։ Արդի արհեստագիտութեան տիրապետած, ազգի կորուստներուն եւ իրաւունքներուն լաւատեղեակ ու պահանջատէր նոր սերունդներ պատրաստելու կարիքը ունինք, նոյնպէս՝ դիւանագէտներու, պատմաբաններու եւ միջազգային փաստաբաններու: Համալսարաններու մէջ հայկական ամպիոնները պէտք է ընդարձակուին, իսկ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Հայ Դատը բոլոր լեզուներով տարածուին՝ գիրքերու, ժապաւէններու, համացանցի եւ այլ միջոցներով: Թուրքերը եւ օտարները հարկ է տեղեակ ըլլան մեր պատմութեան մասին: Չմոռնա՛նք նաեւ միլիոններով՝ բռնի թրքացած կամ քրտացած մեր ազգի զաւակները. անոնք անսպառ ներքին ուժ մը կրնան նկատուիլ մեր Դատին համար, եթէ լաւապէ՛ս պատրաստուին: Նաեւ, պէտք է քաջալերենք ու թիկունք հանդիսանանք ողջամիտ թուրք եւ օտար մտաւորականներու, որոնք կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Մեր բարեկամ բոլոր ազգերուն եւ պետութիւններուն աջակցութիւնը շա՛տ կարեւոր է, սակայն, ի վերջոյ, մե՛նք ենք, որ մեր Դատը վառ պիտի պահենք։ Այսօր, մեր գերխնդիրն է համախմբել աշխարհի քաղաքական եւ մարդասիրական բոլոր ուժերը, հաստատելու համար մեր արդար պահանջները եւ ապահովելու համար մեր յաղթանակը։ Այդ բոլոր աշխատանքները, ի հարկէ, հսկայական գումարներու կը կարօտին, եւ իւրաքանչիւր հայ անհատի լուման մէկ աւելի հարուած է թշնամիին: Էրտողանէն կամ ոեւէ այլ թուրք ղեկավարէ մը արդարութիւն ակնկալելը պարզապէս երազ մըն է: Օտարն ալ ի՛ր շահերը եւ հաշիւները ունի…
Վերջապէս, Էրտողաններ կու գան ու կ՛երթան, իսկ մեր ազգը կը մնա՛յ, մեր Դատը կը մնա՛յ։ Ո՞վ կ՛երազէր Օսմանեան կայսրութեան անկումը 1908ին (1908-1924), կամ Սովետական հսկայ Միութեան փլուզումը՝ 1991ին: Ուստի, երբ պատմութեան զանգերը ղօղանջեն, մեր ազգը եւս պէտք է պատրաստ ըլլայ ամէ՛ն տեսակէտով, սակայն՝ առանց զէնքի դերը մոռնալու:
Քալիֆորնիա, Ապրիլ 2017
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Օրենճ Քաունթի
Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի
Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային Վարժարան
Sinanian Development, Inc.
Nova
Automotive
421 Fernando Ct.,
Glendale, CA 91204
818.548.9908
Ժիրայր եւ Ռիթա
Քէօրօղլեաններ
—————————
Apex
Manufacturing
Jack & Janet
Harootun
Mr. & Mrs.
Vahe
& Aida
Yeghiazarian