ԵՐԵՒԱՆ.- Ինչպէս յայտնի է, Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն Օսմանեան կայսրութեան կառավարութիւնը իրականացուցած է նաեւ հայ կիներ ու երեխաներ թրքացնելու եւ իսլամացնելու քաղաքականութիւնը, որ բաղադրիչ մէկ մասն էր ցեղասպանական քաղաքականութեան։
«Ակունք» լրատուական կայքը հրապարակած է երկու օսմանեան փաստաթուղթեր եւ անոնց արեւմտահայերէն թարգմանութիւնները՝ Անգարայի շրջանը գտնուող շէնքի մը մէջ հաւաքուած հայ որբերու մասին: Առաջին փաստաթուղթին մէջ, ներքին գործոց նախարար Թալէաթը անպատեհ կը նկատէ հայ երեխաները այդ շէնքին մէջ միասնաբար պահելու որոշումը եւ կը հրահանգէ, որ անոնք ցրուին իսլամական տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ: Իսկ երկրորդ փաստաթուղթը այդ իսկ հրահանգին պատասխանն է՝ տրուած Անգարայի փոխնահանգապետ Աթիֆի կողմէ, որ որոշ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ այդ շրջաններուն մէջ գտնուած հայ կանանց եւ երեխաներու թիւերուն մասին եւ կը յայտնէ, թէ հայ մանուկները պիտի բաժնուին տարբեր իսլամական կազմակերպութիւններու մէջ:
Այս առթիւ, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ սոյն փաստաթուղթերը օսմանեան արխիւին մէջ գտած եւ արեւմտահայերէնի թարգմանած, ապա «Ակունք»ին տրամադրած ամերիկաբնակ պոլսահայ ուսումնասիրող Գէորգ Յակոբեանին: