ՌԱԶՄԻԿ ՀԱՐՈՒՆ
Վերջին հարիւր տարուան ընթացքին Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ զանազան դրսեւորումներով ի յայտ եկած է խեղաթիւրելու իրականութիւնը, միշտ նպատակ ունենալով խուսափումը որեւէ քաղաքական կամ օրինական պատասխանատուութենէ: Տարբեր դրսեւորումները, խորքին մէջ, կը բացայայտեն որդեգրուած քաղաքականութեան ճկունութիւնը եւ հնարամտութիւնը՝ նորանոր միջոցներ գործադրելով եւ տարածուելով դէպի նոր ոլորտներ։ Ոմանք այս նոր միջոցներու գործադրումը կը տեսնեն իբր սաստկացող յուսահատութեան մը արտայայտութիւնները, ինչպէս մահամերձ օձի մը գալարումները։ Սակայն մէկ դարէ ի վեր յաջողութիւն գտած քաղաքականութիւնը միայն կրնայ յաւելեալ համարձակութեամբ լեցնել այս քաղաքականութեան ջատագովները, անկախ Թուրքիոյ նախանձելի աշխարհագրական դիրքէն կամ պատմաքաղաքական շահաւէտ ժառանգութիւնէն։
Անոնք այսօր կ՛առաջնորդուին հիմնականօրէն երեք ուղղութեամբ՝ քաղաքական, օրինական եւ մշակութային։ Տարիներու ընթացքին մէկ ուղղութիւնը եկած է աւելցնելու ընդհանուր քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան վրայ՝ շատ անգամ ուղղութեան մը թերութիւնները լրացնելով։ Օրինակ՝ սկիզբը ուրացումը կը կատարուէր միայն մշակութային գետնի վրայ հայերուն պատմական ներկայութեան փաստերը անհետացնելով իրենց պապենական հողերէն եւ այդ նոյն հողերը վերաբնակեցնելով ուրիշ ժողովուրդներով ապա, եւ հոս է հնարամտութիւնը, այդ թալանը օրինականացնելով կալուածներու մեծ մասը (եկեղեցի, դպրոց, եւ այլն) պետական գոյք արձանագրելով։ Այս քայլով սեփականութիւն վերահաստատելու որեւէ փորձ՝ որքան ալ արդարացի ըլլայ, դատապարտուած է դատական բաւիղի մէջ կորսուելու ճակատագիրին:
1915էն անմիջապէս ետք մինչեւ գրեթէ 1965, ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ լռութեան պատ մը գոյութիւն ունէր։ Այս պատը մեծ մասամբ գոյացաւ հայերու քաղաքական դաշտէն հեռու մնալէն՝ ֆիզիքական գոյատեւման երաշխիքներ եւ օրապահիկ ապահովելու առաջնահերթութեամբ զբաղուած ըլլալով։ 1930ական թուականներուն երբ Ամերիկեան MGM ընկերութիւնը կը ծրագրէր Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Տաղի Քառասուն Օրեր»ը արտադրել, Թուրքիոյ դեսպանը՝ Մեհմեթ Էրտեկուն, Անգարայի հրամանով սկսաւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան միջոցաւ ճնշում բանեցնել ընկերութեան վրայ՝ նկարահանումը կասեցնելու համար։ Դեսպանը յաջողեցաւ եւ մինչեւ օրս ուրացման քաղաքականութեան մշակութային ուղղութիւնը նոյն աշխուժութեամբ կ՛աշխատի՝ նախ նիւթի տարածման դէմ ապա հանրային կարծիքի ներդաշնակութեան դէմ։ Այսօրուան օրինակն է The Ottoman Lieutenant շարժապատկերը որ թրքական աղբիւրներու ֆինանսաւորումով հանդէս եկած է պղտորելու հանրային կարծիքը։ Լռութեան պատը իր գործը տեսաւ այնքան ատեն որ հայը չէր ստանձնած պահանջատիրութեան պարտականութիւնը։
Երբ 1965ին, հայերուն մօտ պահանջատիրութիւնը արթնցաւ, այդ պատը հետզհետէ ուժեղացող ցնցումներու ենթարկուեցաւ եւ ճեղքեր սկսան յայտնուել լռութեան պատին երկայնքով։ Ցեղասպանութիւնը յանկարծ միայն պատմական դէպք մը չէր, այլ ապրող եւ շնչող հարց էր, որ, հակառակ Թուրքիոյ ակնկալութեան, մոռացութեամբ վախճանելու ճակատագրին չմնաց։ Ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ զարգացող հետաքրքրութիւնը Թուրքիոյ համար արդիւնաւէտ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ գիտական ուսումնասիրութիւնները միայն կրնային յանգիլ այն եզրակացութեան վրայ, որ պատահածը անվիճելիօրէն ցեղասպանութիւն էր՝ կանխամտածուած, կազմակերպուած եւ իրագործուած Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։ Այս ընթացքը ստիպեց Թուրքիոյ աւելի նախաձեռնող ըլլալու եւ 1970ի վերջերուն սկսան մէջտեղ գալու ճշմարտութիւնը եղծանող պատմաբաններ։ Թէեւ գործով պատմաբան էին՝ այս մարդիկը իրականութեան մէջ քաղաքական նպատակի մը ծառաներն էին։ Երբ տուեալ նիւթի մը շուրջ մասնագէտներ ուսումնասիրութիւններ կ՛ընեն եւ անհատաբար կու տան նման եզրակացութիւններ եւ անկախաբար կու գան համաձայնութեան՝ այդ նիւթը այլեւս վճռուած կը համարուի, մանաւանդ երբ հակաճառող չկայ։ Թուրքիան սկսաւ քաջալերելու Ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ առնող պատմաբաններ։ Հասկնալով, որ այս քայլը պէտք է երկարատեւ ըլլայ, որպէսզի ջարդը «ցեղասպանութիւն» անուանելու ճշգրտութեան նկատմամբ առկախութեան մշտական տպաւորութիւն ստեղծուի, Թուրքիան նախաձեռնեց ակադեմական ամպիոններու հիմնադրութիւնը համալսարաններէ ներս։
Պահ մը կանգ առնել պէտք է իսկապէս ըմբռնելու համար այս քայլին համարձակութիւնը։ Ակադեմական ամպիոններ՝ ինչպիսին է Աթաթուրքի ամպիոնը Փրինսթըն համալսարանէն ներս, ստեղծուեցան եւ կը գոյատեւեն գլխաւորաբար պատմական իրողութեան մը խեղաթիւրումին վաւերականութեան երեւոյթ տալու համար։ Ակադեմական աշխարհի անկողմնակալութեան նկատմամբ կանխատրամադրութիւնը չարաշահելով, այս ամպիոնները գիտական հետազօտութեան կարեւորագոյն հիմքերուն՝ փաստարկութեան եւ հաւասարակշռութեան դէմ նենգադաւած են։ Այս դաւադրութեան լծակներն են Ճասթըն Մըքարթի, Մայքլ Կունթըր, Պերնարտ Լուիս եւ իր գաղափարական ժառանգորդը՝ Հիթ Լաուրի:
Ուրացման քաղաքականութեան յստակագոյն դրսեւորումը օրինականն է։ Թուրքիան իր մերժողական վարքագիծը երկարեց դէպի օրինական ոլորտը։ Թուրքիոյ պատժական օրէնսգիրքի տխրահռչակ յօդուած 301ը, որ ի զօրու էր Յունիս 2005էն սկսեալ, խորամանկութեամբ բանաձեւուած է պարունակելու այն բոլոր բաները, զորս մինչեւ իսկ չափազանցութեամբ, կարելի է հասկնալ որպէս քննադատութիւն թրքութեան, Թուրքիոյ Հանրապետութեան կամ խորհրդարանին հանդէպ։ Սակայն այս համապարփակ օրէնքին գլխաւոր մեղանչողները ցարդ Ցեղասպանութեան ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն անդրադարձողները եղած են։ Օրհան Փամուք, Մուրատ Պըլկ, Էլիֆ Շաֆաք, Հրանդ Տինք, Թաներ Աքչամ, Ռակիփ Զարաքօլու եւ Արատ Տինք (Հրանդի որդին) դատի կանչուած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ակնարկ ըրած ըլլալնուն կամ անոր իրողութիւնը հաստատած ըլլալնուն համար։ Հետաքրքրական է թէ այսքան ընդհանրական օրէնք մը որուն մեղանչումը կարելի է յարմարցնել թէ՛ քննադատութեան եւ թէ ճշմարտախօսութեան, հիմնականին մէջ կիրարկուած է պատուհասելու Ցեղասպանութեան նիւթը արծարծողներուն։ Պէտք է նշել, որ այսօր Էրտողանն ու իր վարչակարգը յաջողած են նման տրամաբանութեամբ աւելի քան 150 լրագրողներ բանտարկել եւ այսօր Թուրքիոյ մէջ աւելի շատ լրագրողներ բանտարկուած են քան որեւէ ուրիշ երկիր։
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման համար հայերու տարած աշխատանքներուն պատճառով ուրացման միջոցները, ի հարկին, փոփոխութեան ենթարկուած են, բայց ուղղութիւնները մնացած են նոյնը։ Այսպէս, 100 տարի շարունակ Թուրքիան յաջողած է խոտորել զայն պատասխանատուութեան հրաւիրելու փորձերը։ Թերեւս այս բոլորը ընթերցողին համար պարտուողական թուի, եւ այդպէս կ՛ըլլար եթէ պատմութեան գիրքը այսօր փակուէր։ Սակայն Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը եկաւ հաստատելու մեր պահանջատիրութեան անժամանցելիութիւնը։ Մեր պահանջատիրութիւնը ժամկէտ չունի, որովհետեւ միաձուլուած է արդարութեան վերջնական յաղթանակին հետ՝ այսինքն մարդկութեան վսեմագոյն գաղափարի գերակայութեան մէջ, ինչ որ նաեւ մեր պահանջատիրական գործունէութեան ենթագիտակցութեան մղիչ ուժն է:
Այս հասկացողութիւնը պէտք է արդէն նշմարել մեր պահանջատիրական գործունէութեան հոլովոյթի նորագոյն հանգրուանին մէջ։ Աւանդաբար, մեր պահանջատիրութիւնը ունեցած է ազգային բնոյթ՝ հասկնալիօրէն կեդրոնացած հայութեան դէմ գործուած անիրաւութիւններու դատապարտութեան եւ վնասներու հատուցման մէջ։ Վերջերս պայքարը առած է նաեւ մարդկային բնոյթ՝ բոլոր ցեղասպան ժողովուրդներու ցաւը բաժնելով եւ անոնց տառապանքի պատմութեան մասին աշխարհին տեղեկացնելով։ Ասոր առաջին նշոյլը «Օրօրա» մրցանակի օրինակն է։ Ո՛չ Եւրոպան, ո՛չ Ամերիկան եւ ոչ որեւէ «զարգացած» երկիր մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ ունի այս քաջասրտութիւնը, նոյնիսկ ողջակիզում տեսած ժողովուրդի մը տունը՝ Հրէաստանը չունի այս վեհանձնութիւնը։ Հայը բոլորին մօտ՝ ըլլա՛յ Ասորի, Հրեայ թէ Ռուանտացի կամ Անգլիացի, Ֆրանսացի թէ Ամերիկացի, վաստակած է բարոյական հեղինակութիւնը այս նիւթին շուրջ առաջին խօսքը ունենալու։ Հոս է որ մեր դարաւոր թշնամին պատասխանելու դժուարութիւն պիտի ունենայ:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ՍԱՆ ԿԱՊՐԻԷԼ ՀՈՎԻՏ
ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէ
Ս. Խաչ Մայր Տաճար
Հոգեւոր Տեսուչ,
Հոգեւոր Հովիւ եւ Հոգաբարձութիւն
«Մեսրոպեան» Ազգ. Վարժարան
Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի Յանձնախումբ
ՀՕՄի «Անի» եւ «Նայիրի»
Մասնաճիւղեր
ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Վահան Գարտաշեան» Ուխտ
ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւն