ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը չի բացառեր ղարաբաղեան կարգաւորման վերաբերեալ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպման մը կարելիութիւնը. Ապրիլ 19ին այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Այդպիսի շփումներու հաւանականութիւնը կայ, բայց յստակ համաձայնութիւն չկայ տակաւին: Երբ ըլլայ, անպայմա՛ն կը տեղեկացնենք», ըսած է ան:
Զախարովա նաեւ աւելցուցած է, թէ ղարաբաղեան տագնապի կարգաւորման ընթացքը կրնայ քննարկուիլ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիէրիի միջեւ յառաջիկայ հանդիպման ընթացքին:
Նախապէս, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ յայտարարած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կրնան հանդիպիլ Մոսկուայի մէջ, քննարկելու համար Արցախի հիմնախնդիրը: