ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Լոս Անճելըսի մէջ գործող հայկական գլխաւոր քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ կրօնական յարանուանութեանց Միացեալ մարմինը կազմակերպած է Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը նշող երկու հիմնական ձեռնարկներ, որոնցմէ առաջինը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 23 Ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3-5, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ, իսկ երկրորդը՝ Արդարութեան քայլարշաւն է, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 24 Ապրիլին:
Քայլարշաւը պիտի սկսի Երկուշաբթի կէսօրին, ժամը 12ին, «Փան Փըսիֆիք Փարք»էն, եւ պիտի աւարտի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ ցոյց-հաւաքով:
Նոյն օրը, Հոլիվուտի մէջ եւս տեղի պիտի ունենայ քայլարշաւ մը, որուն կազմակերպողները անջատուած են համայնքի մնացեալ բոլոր կառոյցներէն եւ որոշած են մինակ, ամէնամեայ դրամահաւաքով, Հոլիվուտի մէջ տարեկան քայլերթով, հաւաքով եւ անշուշտ՝ պատշաճ ճարերով, պայքարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Աստուած ո՛ւժ տայ իրենց, թող յաջողութեամբ պսակուի իրենց ծրագիրը:
Ցոյցը, այո՛, կարեւոր է, մանաւանդ՝ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ, սակայն, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին շուրջ հաւաքուելու կարեւորութիւնը պէտք չէ թերագնահատել: Ատիկա իր առանձին իմաստը ունի, վերապրողներուս համար նահատակներու յիշատակին հետ հաղորդուելու վայր մըն է անիկա, թէեւ՝ անկարող Ծիծեռնակաբերդի ամբողջ խորհուրդը փոխանցելու մեզի, անշուշտ: Եթէ նոյնիսկ քաղաքական կամ քարոզչական ոչ մէկ նպատակի ծառայէ, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին շուրջ հաւաքուիլը, յուշարձանին առջեւ ծաղիկ զետեղելը՝ հոգիի պարտքն է բոլորի՛ս:
Ապրիլ 24ի ցոյցին մասնակցողները կրնան տեղ հասնիլ նաեւ կազմակերպութիւններու կողմէ տրամադրուած հանրակառքերով, որոնք ճամբայ պիտի ելլեն տարբեր քաղաքներու մէջ գտնուող եկեղեցիներէ, հայ կեդրոններէ եւ դպրոցներէ, որոնց հասցէները հրապարակուած են այս էջին վրայ: