ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Սուրիայէն եւ Իրաքէն տասնեակ հազարաւոր գաղթականներու ժամանակաւոր ապաստան տուած Հայաստանը կրնայ ապահով տարածքի յատուկ կարգավիճակ ստանալ, որուն շնորհիւ կրնայ նիւթական օգնութիւն ստանալ միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններէ. այս մասին յայտարարած են Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ Հայաստան լաւագոյնս կը համապատասխանէ ապահով տարածքի յատուկ կարգավիճակի չափանիշներուն՝ աւելցնելով. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ցեղասպանութենէն վերապրած պետութիւն է, եւ հայ ազգը իր պատմութեան ընթացքին յաճախ գաղթականութեան մատնուած է, եւ ճիշդ այդ պատճառով է, որ Հայաստան իր դռները բացած է Միջին Արեւելքի գաղթականներուն առջեւ»:
Վիգէն արք. Այքազեան իր կարգին յայտնած է, թէ այս նախաձեռնութիւնը քննարկուած է քոնկրեսականներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին։ «Մենք յիշեցրել ենք, որ օգնութիւն ենք ակնկալում՝ Հայաստանում ա-պաստան ստացած գաղթականների համար, որոնք եկել են Սիրիայից եւ Իրաքից», ըսած է ան:
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն կը շեշտէ, թէ արդէն իսկ տնտեսական դժուար վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանը, որ երբեք չէ խուսափած գաղթականներ ընդունելէն, արժանի՛ է օգնութեան։ «Կոչ կ՛ընենք Յատկացումներու յանձնաժողովին, որ 40 միլիոն տոլար յատկացնէ՝ Հայաստանը ապահով գօտի դարձնելու համար: Այդ գումարները պէտք է յատկացուին Հայաստանի կառավարութեան, գաղթականներուն օգնելու համար», կ՛աւելցնէ ան:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան կը յայտնէ, թէ ներկայիս Հայաստան կը գտնուին վերջին քանի մը տարիներուն Միջին Արեւելքէն ժամանած մօտաւորապէս 25,000 գաղթականներ, ինչ որ Հայաստանը կը դասէ՝ իր բնակչութեան թիւին համաձայն՝ ամենամեծ թիւով գաղթականներ ընդունած երկիրներու շարքին։
«Հայաստանի առանձնայատկութիւնը նաեւ այն է, որ նա պատրաստ է Սիրիայից ժամանած փախստականներին մշտական համարկումի հնարաւորութիւն տալ, որը Հայաստանը բացառիկ երկիր է դարձնում», կ՛աւելցնէ դեսպանը:
Նախաձեռնութեան իրականացման պարագային, Միացեալ Նահանգները, ՄԱԿի միջոցով, Հայաստանին կրնայ օգնութիւն տրամադրել։ Ըստ Արամ Համբարեանի՝ ծրագիրը կը բխի թէ՛ գաղթականներու, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ միջազգային հանրութեան շահերէն։
«Ասիկա խաղաղութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ գաղթականներու բարեկեցութեան համար հսկայակա՛ն ներդրում կրնայ ըլլալ: Հայաստանի մէջ ծախսուած 40 միլիոն տոլարը կրկնակի արդիւնք պիտի տայ, որովհետեւ նոյն թիւով գաղթականներ Միացեալ Նահանգներու կամ Եւրոպայի մէջ ընդունիլը շա՛տ աւելի ծախսալից պիտի ըլլայ», կ՛եզրակացնէ Արամ Համբարեան: