ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մոնթեպելլոյի «Պիքնել» հանրային պարտէզին մէջ կանգնած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի բացումը կատարուեցաւ 1968ի Ապրիլին:
Այս տարի, սակայն, յիսնամեակն է այդ յուշարձանին կառուցումը թոյլ տուող Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանի պատմական որոշումին:
Կը մէջբերեմ մոնթեպելլոցի ընկերոջս գրառումը.
«Յունուար 9, 1967ը Մոնթեպելլոյի եւ համայն հայութեան համար անմոռանալի օր մը պիտի մնայ: Այդ օր, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանի դռնբաց ժողովին ներկայ էին շուրջ երկու հարիւրէ աւելի հայորդիներ եւ Սան Ֆրանսիսքոյէն յատուկ ժամանած թուրք հիւպատոսը՝ իր քսան «ընկերներով», որոնք եկած էին յուշարձանին կառուցումը ձախողեցնելու նպատակով: Մոնթեպելլոյի յանդուգն քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, անտեսելով Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան «խրատներն ու թելադրանքները»՝ առողջ ու արդա՛ր դատողութեամբ 4 թեր եւ 1 դէմ քուէով հաստատեցին յուշարձանը կառուցելու արտօնութիւնը»:
Մոնթեպելլոյի հայ համայնքի ազգային կարեւորագոյն կառոյցներէն Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած է՝ այս տարի իր աւանդական տարեկան արիւնարշաւը նուիրել Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդին, նշանաւորելու համար անոր խիզախ որոշումը, որուն շնորհիւ՝ այսօր մենք հնարաւորութիւնն ունինք մեր նահատակներուն յիշատակը պատշաճօրէն յարգելու պատկառելի յուշարձանի մը առջեւ:
«Փա՜ռք ու պատիւ այդ սերունդին, որ աշխատասիրութեամբ, ձեռներէցութեամբ եւ իմաստութեամբ շահեցաւ յարգանքն ու սէրը շրջանի բնակչութեան, եւ աչալրջութեամբ ու հետեւողականութեամբ գլուխ հանեց այս ծրագիրը, եւ ահա՛, յիսուն տարիներէ ի վեր, Ցեղասպանութեան նուիրուած այս յուշարձանը ուխտատեղի դարձած է մեր ամբողջ համայնքին համար», կը գրէ ընկերս:
Յուշարձանը մեզի կը սպասէ հիմա՛ ալ: Ժամադրուած ենք Ապրիլ 23ին: