ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ցեղասպանութեան 102ամեակին առիթով, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի աշակերտները Երեքշաբթի, Ապրիլ 4ի առաւօտուն, խումբ-խումբ Ազգային առաջնորդարան այցելեցին եւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր սուրբ նահատակներու յուշակոթողին առջեւ վերանորոգեցին իրենց պահանջատիրական ուխտը:
Վարժարանի տնօրէնութիւնը Երեքշաբթին յատկացուցած էր Ցեղասպանութեան յիշատակման: Առաւօտուն, բոլոր աշակերտները Ս. հաղորդութիւն ստացան, վարժարանի շրջափակը կատարեցին ծառատունկ եւ ծաղիկներու մատուցում, ապա, խումբերու բաժնուած՝ քալելով հասան առաջնորդարան: Անոնց կ՛ընկերանային վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը, փոխտնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեանը, նաեւ դաստիարակներ ու ծնողներ: Աշակերտ ու դաստիարակ զգեստաւորուած էին Ցեղասպանութեան 102ամեակին առիթով Արդարութեան քայլարշաւի խորհրդապատկերը կրող շապիկներով:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, կողքին ունենալով Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեանը, Վաչէ վրդ. Պալըքճեանը, Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեանն ու Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեանը, աշակերտները դիմաւորեց Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ, լսեց անոնց խոստումը եւ իր պատգամը ուղղեց անոնց:
Առաջին խումբին մաս կը կազմէին վարժարանի 6էն 8րդ դասարաններու աշակերտները, որոնց հետեւեցան 3-5րդ կարգերու խումբը, վերջապէս հասան նաեւ դեռատի մանուկները՝ առաջին եւ երկրորդ կարգի աշակերտները: Բոլորն ալ ծաղիկներ դրին յուշակոթողին առջեւ, ապա ներկայ եղան Ս. նահատակաց բարեխօսութեան աղօթքի արարողութեան:
Վարժարանի հայկական ակումբի ներկայացուցիչները երեք խումբերուն անունով խօսքեր արտասանեցին, նշեցին, որ Ապրիլը մեր նահատակները յիշելու ամիս է եւ հաւաստեցին, թէ իրնեք պահանջատէր կը մնան մեր Դատին ու իրաւունքներուն, եւ մեր պայքարին մասնակից պիտի մնան, մինչեւ որ այսօրուան Թուրքիան ընդունի իր նախորդներուն յանցանքը եւ արդար հատուցում կատարէ հայութեան:
Առաջին խումբի աշակերտները կատարեցին խմբային արտասանութիւն մը: Խօսք առաւ առաջնորդարանի անձնակազմի անդամներէն Քրիստափոր սրկ. Միքայէլեան, որ հակիրճ կերպով խօսեցաւ Ցեղասպանութեան 50ամեակին արձանագրուած պատմական իրադարձութեանց մասին, որոնց խորհրդանիշները՝ Պիքֆէյայի ու Ծիծեռնակաբերդի յուշարձաններու մանրակերտները, տեղ գտած են յուշակոթողին վրայ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի հանգրուանին, որ նոր թափ եւ տարողութիւն տուած է մեր պահանջատիրութեան, եւ ընդգծեց, որ պահանջատիրութիւնը աշակերտին համար կ՛ըլլայ նաեւ հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան ու մշակոյթի տիրութեամբ:
Ինչպէս առաջին խումբին, նոյնպէս եւ յաջորդող երկու խումբերուն իր պատգամը ուղղեց առաջնորդ սրբազանը: Ան դետել տուաւ, որ Ազգ. առաջնորդարանի այս յուշակոթողը յուշարար մըն է մեր պահանջատիրութեան, ինչպէս նաեւ՝ զոհաբերութեան մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն, որոնք 100ամեակին առիթով սրբադասուեցան: Ան յիշեցուց, որ թուրքը աւելի քան 100 տարի առաջ փորձեց բնաջնջել մեզ, սակայն հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ, եւ աշակերտները ապրող վկայութի՛ւնն են թուրքի ձախողութեան ու կը մարմնաւորեն հայութեան պահանջատիրութիւնը։
«Այսօր ունինք անկախ Հայաստան, սակայն գիտենք, որ մեր նահատակները մեզի կտակ թողած են ամբողջակա՛ն Հայաստանը, եւ մենք պայքարը պիտի շարունակենք՝ մինչեւ տիրանանք մեր բոլոր հողերուն ու իրաւունքներուն», ըսաւ առաջնորդը եւ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ յարութիւն պարգեւած է մեր ժողովուրդին, եւ որ հայը, իր բոլոր սերունդներով, այսօր արթուն պահակն ու պահանջատէրն է իր իրաւունքներուն: Ան օրհնեց աշակերտները, դաստիարակներն ու ծնողները, որոնք միասնաբար հայկականութեամբ կը տոգորեն նորահաս սերունդները:
Հայր Թորգոմ երգեց 100ամեակին առիթով Ս. նահատակաց նուիրուած շարականը, իսկ հոգեւոր հայրերը միասնաբար կատարեցին բարեխօսութեան աղօթքի արարողութիւնը. ուխտի պահերը վերջ գտան «Պահպանի»չով ու «Հայր Մեր»ի հաւաքական երգեցողութեամբ:
Ակներեւ էր, որ աշակերտները, առանց տարիքի խտրութեան, կ՛ապրէին օրուան խորհուրդի ազդեցութիւնը. անոնք լրջութեամբ կը հետեւէին պատգամներուն ու արարողութեանց՝ մէկդի ձգած մանկական չարաճճիութիւնները…