ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի տնտեսութեան մէջ կտրուկ յառաջընթաց արձանագրուած է անհատ քաղաքացիներու դրամական փոխանցումներու ծաւալի տեսանկիւնէն: Արդարեւ, Յունուար 2017ին, անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ փոխանցումները աճած են գրեթէ 35 տոկոսով:
Եւրասիական զարգացման դրամատան (ԵԱԶԲ) տնտեսագէտներու խումբին պատրաստած ամսական Մաքրօտնտեսական վերլուծութեան արդիւնքները կը վկայեն, որ «զգալիօրէն բարելաւուած է տնտեսական աշխուժութեան ներուժը. տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2017ին Փետրուար 2016ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած աճած է 6 տոկոսով: Այդպիսով, կ՛ապացուցուի արտագաղթողներու դրամական փոխանցումներեւն էական նշանակութիւնը Հայաստանի տնտեսական աճի ներուժին մէջ»: