ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին եւ խորհրդարանին մէջ ամէն տարի կայացող Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս տարուան ձեռնարկներուն ընթացքին պիտի ցուցադրուի Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիլմը, որ Միացեալ Նահանգներու տարածքին ցուցադրուելու պիտի սկսի Ապրիլ 21ին։
Սաքրամենթոյի մէջ ֆիլմին ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 17ին. անոր ներկայ պիտի ըլլայ եւ նահանգային խորհրդարանականներուն հետ իր կարծիքները պիտի բաժնէ ֆիլմին բեմադրիչը՝ Թերի Ճորճը, ինչպէս նաեւ դերասանուհի Էնճըլա Սարաֆեան եւ այլ ներկայացուցիչներ։
Նշենք, որ այս տարուան ձեռնարկները կազմակերպուած են Ծերակոյտին մէջ նոր հաստատուած՝ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբին ջանքերով։ Սոյն յանձնախումբին ատենապետն է Էնթընի Փորթանթինօ, իսկ անոր միւս անդամներն են՝ Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն տէ Լէոն եւ ծերակուտականներ Սքաթ Ուիլք, Թոնի Մենտոզա ու Ճաշ Նիւմըն: