ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- «Միացեալ Նահանգներու դեմոկրատ եւ հանրապետական քոնկրեսականները միշտ ուս-ուսի տուած՝ պատրաստ են կանգնելու իրենց ընկեր եւ դաշնակից Հայաստանի կողքին», Քոնկրեսի մէջ կայացած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած երեկոյին ընթացքին այսպէս յայտնած է ծերակուտական Էտ Մարքի:
«Ճշմարտութիւնը ըսելու համար ժամանակը միշտ յարմար է: Հակառակ հանրապետականներու եւ դեմոկրատներու միջեւ բազմաթիւ հակասութիւններուն, կայ մէ՛կ հարց, որուն շուրջ միասնակա՛ն ենք», ըսած է ան:
Երեկոյին ընթացքին ելոյթ ունեցած Քոնկրեսի բազմաթիւ անդամները ընդգծած են, որ իրենք հայութեան կողքին կը կանգնին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով: Անոնցմէ մէկն էր Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին միայն վերջերս միացած քոնկրեսական Սալուտ Քարպահալ, որ իր կարգին ըսած է. «Կը հասկնամ, որ քաղաքական որոշ սկզբունքներ տակաւին չեն արտօնած Ամերիկային, որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն անոնք արդար սկզբունքներ չե՛ն: Արդար է միա՛յն ճշմարտութիւնը»:
Հայկական արմատներ ունեցող քոնկրեսական Աննա Էշու նշած է, որ ամէն անգամ ամօթ կը զգայ, երբ նկատէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերջնական ճանաչում ապահովելու ջանքերը չեն յաջողած, միաժամանակ աւելցնելով. «Սակայն մենք պիտի յաղթենք: Կասկած չունիմ, որ պիտի յաղթենք»:
Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքի նախագիծ ներկայացուցած քոնկրեսական Տէյվ Թրաթ իր կարգին յոյս յայտնած է, որ ոչ միայն Քոնկրեսը կ՛ընդունի իր օրէնքին նախագիծը, այլեւ՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփ: Ան նշած է, թէ քանի որ Թրամփ աւանդական քաղաքական գործիչ մը չէ, ան յայտարարութեամբ մը կրնայ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ «Յոյս ունիմ, որ նախագահ Թրամփ ճի՛շդ քայլ կը կատարէ եւ 102 տարի առաջ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն կ՛անուանէ»:
Տանըլտ Թրամփի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հնարաւորութեան մասին խօսած է նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ՝ ըսելով. «Այս նախագահը որեւէ խոստում չէ տուած։ Անոր շուրջ չկան դիւանագէտներ եւ զինուորականներ, որոնք կ՛ընդդիմանան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, եւ թերեւս ատիկա կ՛օգնէ: Մենք պէտք է համոզենք նախագահը, որ ատիկա ճի՛շդ քայլ է, եւ այդպէ՛ս է, որովհետեւ մենք չենք կրնար աշխարհի առաջատարը համարուիլ, եթէ տարբերութիւն դնենք, թէ ո՛ր ցեղասպանութիւնները պիտի ճանչնանք, ո՛ր ցեղասպանութիւնները՝ ո՛»չ:
Ցեղասպանութեան փաստի հերքումը բուն ցեղասպանութեան վերջին քայլն է, յայտնած է քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, որ նաեւ աւելցուցած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի օգնէ թուրք ժողովուրդին՝ ըսելով. «Գերմանիան ընդունեց իր անցեալը եւ դարձաւ հզօր, զարգացած ու ժողովրդավար երկիր մը: Թուրքիան, որ յամառօրէն կը ժխտէ Ցեղասպանութիւնը, կը գտնուի ծայրայեղական ու մենատիրական երկիր դառնալու ճամբուն վրայ»։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ամերիկացի օրէնսդիրներուն աջակցութեան համար, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ ճանչցուած է հազարաւոր համայնքներու, նահանգներու եւ հաստատութիւններու մակարդակով: