ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Արցախ գտնուող բեմադրիչներ Ատոմ Էկոյեան, Էրիք Նազարեան եւ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Վարդան Բալայեանի ուղեկցութեամբ, Ապրիլ 5ին այցելեցին ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր:
Առաջնագիծին վրայ սփիւռքահայ նշանաւոր մշակութային գործիչները հետաքրքրուեցան հրադադարի խախտման դէպքերու յաճախականութեամբ, ծանօթացան զինուորներու ընկերային-կենցաղային պայմաններուն եւ մարտական հերթապահութիւն կատարելու առանձնայատկութիւններուն: