ԵՐԵՒԱՆ, «Մոսկուա».- Աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր «Վեչերնի Ուրկանտ» հաղորդումէն իր ելոյթին ընթացքին նշած է, որ Հայաստան փոքրիկ երկիր է, որ շրջապատուած է թշնամի եւ բարեկամ երկիրներով եւ օգնութեան կարիք ունի:
Ազնաւուր յայտնած է, որ Մոսկուայի իր համերգէն ստացուած հասոյթը պիտի յատկացնէ «Ազնաւուր՝ Հայաստանի համար» բարեգործական հիմնադրամին: