ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 4ին, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ 2017 Սեպտեմբեր 19-20ին Երեւանի մէջ կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համահայկական համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն նուիրուած խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուեցին համաժողովի ձեւաչափին, մասնակիցներու կազմին եւ կազմակերպական խնդիրներուն առնչուող հարցեր:
Նախարարը նշեց, որ չափազանց կարեւոր է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր կարող ուժերուն եւ փորձագէտներուն մասնակցութիւնը համահայկական խորհրդաժողովին: