
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի՝ «Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրի յատուկ շապիկներուն ձեւաւորման համար յայտարարուած մրցանքին արդիւնքները յստակացած են։
Մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական վարժարաններէ եւ համայնքային կեդրոններէ 8-18 տարեկան բազմաթիւ աշակերտներ, որոնցմէ լաւագոյն երեքը մրցանանակիրներ ընտրուեցան, հետեւեալ շարքով.
Ա. Դուին Շերպեթճեան՝ Ս. Նահատակաց Ազգային Ֆերահեան վարժարանի 9րդ դասարանի աշակերտ.
Բ. Թարա Ուրֆալեան՝ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտ.
Գ. Մեղրի Համբարեան՝ ՀԵԴ Կրտսերներու Փասատինայի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի տասնամեայ անդամ։

Դուին Շերպեթճեանի ստեղծագործութիւնը պիտի տպուի «Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրի շապիկներուն վրայ: Ան նաեւ պիտի ստանայ «Սարդարապատ» գրատունէն 200 տոլարի գնումի քարտ մը, իսկ Թարա Ուրֆալեան եւ Մեղրի Համբարեան յաջորդաբար՝ 100 եւ 50 տոլարի քարտեր, նոյն հաստատութնենէն:
«Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրի յանձնախումբի ատենապետ Արթօ Քէօլեան կ՛ողջունէ այն իրողութիւնը, որ մեծ թիւով երիտասարդներ եւ պատանիներ մասնակցած են մրցանքին, որուն նպատակն էր զօրաւոր կապ մը հաստատել Սփիւռքի եւ Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնի պատանիներուն միջեւ։ Ան նաեւ շնորհաւորած է մրցանակակիրները։
Յիշեցնենք, որ «Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրին ջանքերով, անցեալ տարի տեղի ունեցաւ Գիւմրիի վերագորոծուած «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին բացումը, որ արդէն իսկ կը ծառայէ Գիւմրիի պատանիներուն՝ անվճար դասընթացքներ տրամադրելով: Կեդրոնի աշակերտները նաեւ կրնան մասնակցիլ օտար լեզուի, համակարգչային, երաժշտական եւ պարային դասերու:
Կեդրոնը ունի նաեւ բանավէճի ակումբ մը, եւ հոն կը կազմակերպուին անվճար ճամբարներ:
Ծրագիրը նաեւ կրթանպաստներ կը տրամադրէ Գիւմրիի երիտասարդութեան: