ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ազգային առաջնորդարանին նախաձեռնութեամբ եւ Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմինին կազմակերպութեամբ, Մարտ 11ին, Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած միջդպրոցական ասմունքի մրցումին մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Մարտ 28ի երեկոյեան, առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, եւ եղաւ գործնական նորագոյն վկայութիւնը, թէ հայ դպրոցն ու հայ մշակը, ի հեճուկս բոլոր տեսակի դժուարութեանց, աննահանջ կը շարունակեն հայակերտումի եւ հայապահպանումի առաքելութիւնը:
Մրցանակներու բաշխումի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Սրբազան հօր կողքին էին Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, Վաչէ վրդ. Պալըքճեան, Ազգային վարչութեան անդամներէն դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետուհի Լիզա Կապուտեան եւ անդամներ, վարժարաններու տնօրէններ ու ուսուցիչներ, դատական կազմի անդամներ, մրցանակաւոր աշակերտներ ու ծնողներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ հաւաքական Տէրունական աղօթքով։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց Լիզա Կապուտեան, որ ողջունեց ներկաները եւ վեր առաւ հայ դպրոցին առաքելութիւնն ու դերը՝ շեշտելով, որ օտար ափերու վրայ հաստատուած իւրաքանչիւր հայ վարժարան մասնիկ մըն է մեր հայրենիքէն։ Ան գնահատեց հայ ուսուցիչները, որոնք ոգի ի բռին կ՛աշխատին հայ լեզուի անաղարտ պահպանման ի խնդիր, եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց ծնողներուն, որոնք հաւատալով հայ դպրոցի առաքելութեան՝ ճիգ չեն խնայեր եւ բազմաթիւ զոհողութիւններու գնով իրենց զաւակները կ՛ուղարկեն հայկական վարժարաններ։
Յայտագիրը վարեցին խնամակալ մարմինի անդամներէն Լենա Գորթոշեան եւ դոկտ. Վալենդին Օկարեան։ Անոնք նախ բեմ հրաւիրեցին դատական կազմի ներկայ անդամներն ու այս մրցումի կազմակերպման աշխատանքին լայն մասնակցութիւն բերած Միհրան Թումաճեանը, անոնց յուշանուէրներ յանձնելու համար։ Դատական կազմին կողմէ սրտի խօսքեր արտասանեցին Գրիգոր Օկարեան ու Մարալ Վարժապետեան, որոնք գնահատեցին աշակերտներուն յանձնառութիւնը՝ հայոց լեզուին ու գրականութեան նկատմամբ։
Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան մրցանակաւորները, որոնք անգամ մը եւս ներկայացուցին մրցումին իրենց ասմունքած բանաստեղծական կտորները եւ ծաղկեցուցին երեկոն: Դատական կազմին գնահատումով՝ մրցանակաւորները հետեւեալներն էին.
Ա. ՄՐՑԱՆԱԿ
– Երկրորդականի խմբակէն՝ Վարանդ Չալըքեան՝ Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանէն, եւ Փիթըր Տէր Պետրոսեան՝ ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն։
– Միջնակարգի խմբակէն՝ Անի Անմահունի՝ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանէն։
– Նախակրթարանի խմբակէն՝ Գառնի Պալեան՝ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Մարի Գապայեան նախակրթարանէն։
Բ. ՄՐՑԱՆԱԿ
– Երկրորդականի խմբակէն՝ Յարութ Դարզեան՝ Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանէն, Ալեքս Գասամանեան՝ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան վարժարանէն եւ Ալեքս Մանուկեան՝ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանէն։
– Միջնակարգի խմբակէն՝ Քրիստինա Ակոճեան՝ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանէն եւ Արազ Պալեան՝ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան վարժարանէն։
– Նախակրթարանի խմբակէն՝ Ռիթա Կարապետ՝ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան-Մարի Գապայեան նախակրթարանէն։
Գ. ՄՐՑԱՆԱԿ
– Երկրորդականի խմբակէն՝ Սեւուլիկ Պասթիլեան՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան վարժարանէն։
– Միջնակարգի խմբակէն՝ Ալիք Արթինեան՝ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանէն, եւ Արենի Չալըքեան՝ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանէն։
– Նախակրթարանի խմբակէն՝ Դայանա Գրիգորեան՝ Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանէն։
Յայտնենք, որ մրցանակաւորները խնամակալ մարմինին կողմէ ստացան «Նարնիայի Քրոնիկները» մանկապատանեկան վիպաշարքին առաջին հատորի հայերէն թարգմանութենէն օրինակներ եւ «Սարդարապատ» գրախանութի գնումի կտրօններ. անոնք նաեւ ստացան «Հաւատք, Յոյս եւ Սէր» արձանագրութիւնը պատկերող յուշանուէրներ՝ առաջնորդարանին կողմէ։
Ձեռնարկը ունէր գեղարուեստական այլ բաժիններ եւս. դաշնամուրի վրայ նուագով հանդէս եկաւ Ալիք Արթինեան, իսկ մենապարով՝ Արենի Չալըքեան։ Միհրան Թումաճեան լուսաբանութիւն տուաւ Շուշիի մէջ տեղի ունենալիք համագաղութային մրցումին մասին, եւ քաջալերեց աշակերտները, որ մասնակցին մրցումին։
Նշենք, որ ասմունքի մրցումներ տեղի կ՛ունենան նաեւ հայկական այլ գաղութներու մէջ, իսկ մրցանակաւորները ամրան ընթացքին առիթ կ՛ունենան մասնակցելու Շուշիի համագաղութային մրցումին, որ կը կազմակերպուի «Աւան Շուշի Փլազա» ընկերութեան կողմէ, նախաձեռնութեամբ Ազգ. վարչութեան անդամ Ալէք Պաղտասարեանի:
Հանդիսութեան փակման եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց առաջնորդը։ Ան առաջին հերթին յայտնեց, որ այս երեկոն հոգեկան լիցքաւորման պահ մը եղաւ բոլորին համար, գնահատեց շնորհալի եւ տաղանդաւոր աշակերտներուն մատուցումը, նաեւ՝ կրթական մշակները, որոնց ցանած սերմերը ո՛չ միայն աճած, այլ հասուն հասկերու վերածուած են։ Ան գնահատեց խնամակալ մարմինի անդամները, դաստիարակներն ու ծնողները, եւ մաղթեց, որ այս ձեռնարկը տարուէ տարի աւելի ուռճանայ եւ դառնայ ժողովրդական մեծ փառատօն մը։ Խօսքը աշակերտներուն ուղղելով՝ սրբազանը յորդորեց, որ անոնք մայրենին պահեն աչքի լոյսի պէս եւ միշտ յիշեն, թէ մեր վարժարաններն ու ընտանիքները մեծ զոհողութիւններով կը տանին ազգակերտման այս գործը: Ան շեշտեց, թէ աշակերտները մեր ժողովուրդի ապագան են, եւ մաղթեց, որ իւրաքանչիւրի հոգիին եւ էութեան մէջ սերմ նետած հայեցի դաստիարակութեան հունտերը ծլարձակեն, աճին եւ պտղաւորուին։ Առաջնորդը նաեւ գնահատեց տարիներէ ի վեր շարունակուող Շուշիի համագաղութային ասմունքի մրցումները։
Հանդէսը վերջ գտաւ սրբազանին «Պահպանիչ»ով ու «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով: